Առաջին անգամը չէ, որ արաբական աշխարհին մէջ հռչակ շահած բախտագուշակներ հանդէս կու գան «զգայացունց» յայտարարութիւններով։
Բնականաբար անոնց կողմէ հնչեցուած ոչ բոլոր խօսքերը արժանահաւատ են, բայց եւ այնպէս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող կացութիւնը եւ կարճաժամկէտ հորիզոնի մը վրայ տեսանելի հանդիսացած դէպքերը որոշակի հոռետսութեան մը մասին «կ՚ապետեն»։
Այս բոլորը ոչ թէ վախ տարածելու համար կը գրուին, այլ պարզապէս ներկայացնելու համար այն դիտարկումները, որ այս օրերուն շրջան կ՚ընեն Լիբանանի եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ։
Օրերս յայտնի բախտագուշակ Ալան Մուսթաֆա մասնակցութիւն բերած է Լիբանանի «Ալ ժատիտ» կայանէն սփռուող «Հաքի ղէր մահ Թամմամ» («Զրոյցը ուրիշ է Թամմամին հետ») յայտագիրին: Ան խօսած է մասնաւորապէս Սուրիոյ մէջ տեղի ունենալիք իր գուշակութիւններուն մասին:
Ան մասնաւորապէս ըսած է՝ «Սուրիան պիտի բաժնուի, ես դէմ եմ բաժանումին, բայց կը տեսնեմ Սուրիան պիտի ըլլայ 4 դրօշակներու ներքոյ։
Պայքարէ ետք քիւրտերը պիտի ստանան Սուրիայէն բաժին մը: Սուէյտայի մէջ տեղի պիտի ունենան խռովութիւններ: Միեւնոյն ատեն ծովափը կը տեսնեմ Սուրիոյ իշխանութեան տակ: Տեղի պիտի ունենան բազմաթիւ պայթումներ մէկէ աւելի նահանգի մէջ, սպաննութիւններ եւ յեղաշրջումներ: Իսրայէլ պիտի ներխուժէ Սուրիա եւ գրաւէ քանի մը գիւղեր, ինչպէս նաեւ պիտի ներխուժէ Լիբանան եւ գրաւէ շատ մը տեղեր:
Կը փափաքիմ, որ Ահմատ Ալ Շարաա իր շրջապատի մարդոցմէ, որովհետեւ կը տեսնեմ սպաննութիւն եւ յեղաշրջումի փորձ:
Ցանկութիւնս է որ գուշակութիւններ ըլլան այս բոլորը եւ իրականութիւն չդառնան , բայց ես կը տեսնեմ բարձրաստիճան անձնաւորութեան մը սպաննութիւնը:
Պաշշար Ասատը նոյնիսկ եթէ փրկուի սպաննութենէն, պիտի դատուի միջազգայնօրէն կամ Եւրոպայի կողմէ շատ մօտ ատենէն:
Սուրիացի ժողովուրդը պիտի երթայ քաղաքացիական պատերազմի եւ բաժանումի։
Եմէնի եւ Իրաքի մէջ պիտի կրկնուի Սուրիոյ եւ Լիբանանի հարաւին մէջ պատահածը: Իրաքի մէջ մօտ ատենէն տեղի պիտի ունենայ իշխանափոխութիւն եւ սպաննութիւններ: 2025-ին ամերիկեան բանակը պիտի գրաւէ արաբական երկիր մը:
Իսկ Իրան հրթիռներ պիտի արձակէ եւ բախումներ պիտի ունենայ Իսրայէլի հետ յառաջիկայ օրերու ընթացքին:
Լիբանանի մէջ կը տեսնեմ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու սպաննութիւններ մինչեւ օգոստոս ամիսը, սակայն անկէ ետք տեղի պիտի ունենայ բնականոնացում
Ես կը տեսնեմ 2025-ին խաղաղութեան համար հանդիպումներ՝ Լիբանան-Իսրայէլ եւ Սուրիա- Իսրայէլ եւ պիտի բացուին իսրայէլեան դեսպանատուներ շատ մը արաբական երկիրներու մէջ»։
Նիւթը «Արեւելք»ի համար պատրաստեց՝ Թ.Գասպարեան