ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին ուղերձ յղած է, որուն մէջ չկայ «ցեղասպանութիւն» (genocide) եզրոյթը:
Նախորդ նախագահ Ճօ Պայտըն 2021-ին պաշտօնապէս ճանչցած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ օգտագործելով այդ եզրոյթը իր ապրիլքսանչորսեան ուղերձին մէջ:
«Այսօր մենք կը յիշենք Մեծ Եղեռնը եւ կը յարգենք յիշատակը այն մարդոց, որոնք տուժած են 20-րդ դարու ամենասարսափելի աղէտներէն մէկուն։ 1915-ի սկիզբը մէկուկէս միլիոն հայեր արտաքսուեցան եւ մահուան դատապարտուեցան:
Մենք բախտաւոր ենք, որ այդքան շատ հայեր իրենց հարուստ մշակոյթը բերեր են մեր ափեր եւ մեծ ներդրում ունեցեր մեր երկրի համար: […] Իմ վարչակազմը հաւատարիմ կը մնայ կրօնական ազատութեան եւ խոցելի փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան: Մենք անհամբեր կը սպասենք Հայաստանի հետ մեր ռազմավարական գործընկերութեան շարունակութեան եւ տարածաշրջանային կայունութեան պահպանման»,- նշուած է Սպիտակ տան տարածած յայտարարութեան մէջ: