Հայաստանը կը գերէ իւրաքանչիւրը, ով գոնէ մէկ անգամ կը յայտնուի այս փոքր, սակայն հիւրընկալ երկրին մէջ։ Այն անտարբեր չէ թողած նաեւ Financial Times միջազգային պարբերականի սիւնակագիր Լիլա Ռափթոփուլոսը եւ անոր ընտանիքը։ Այս մասին լրագրողը գրած է «Ցեղասպանութենէն 100 տարի անց` գտնելով Հայաստանս» յօդուածին մէջ։
Լիլան մօրական կողմէն հայ է, այս սեպտեմբերին ընտանիքին հետ առաջին անգամ ըլլալով այցելած է Հայաստան։ Պատմական հայրենիք այցելելու որոշումը ան կայացուցած է երկար մտորումներէ ետք։ Առաջին անգամ ան այդ մասին մտածած է այս տարուան գարնան «թաւշեայ յեղափոխութեան» ժամանակ եւ վերջնականապէս համոզուած է ամերիկահայ գրող, բանաստեղծ Փիթըր Պալաքեանի մամլոյ ասուլիսէն ետք։
Լիլայի մօրական պապը փրկուած է Հայոց ցեղասպանութենէն եւ հաստատուած Ամերիկա։ Անոր հայրը յոյն է։ Լիլան իր յօդուածին մէջ նկարագրած է Հայաստանի մէջ իր շրջագայութիւնը։ Ան պատմած է «թաւշեայ յեղափոխութեան» եւ անոր պատճառներուն մասին։ Լրագրողը ներկայացուցած է նաեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան նրբութիւնները, Ռուսաստանի հետ համագործակցութիւնը, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութիւնը։
«Չեմ հաւատար, որ մենք արդէն Հայաստան ենք։ Երկու օր միայն այդ մասին կը խօսէինք», – գրած է Ռափթոփուլոսը։
Ան նկարագրած է Երեւանը որպէս գողտրիկ եւրոպական հարաւային քաղաք` բաց երկինքի տակ գտնուող ճաշարաններով ու սրճարաններով, գինետուներով, բացառիկ թանգարաններով եւ համաչափ կեդրոնական հրապարակով, Նոյեան Տապանի մասին յիշեցնող Արարատ լերան ձիւնապատ գագաթներու տեսարանով։
Ռափթոփուլոս իր յօդուածին մէջ ներկայացուցած է նաեւ տարբեր փաստեր Հայաստանի պատմութեան մասին, պատմած 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան մասին, անդրադարձած է Արցախեան հակամարտութեան թեմային։
Միակ բանը, որուն համար կ'ափսոսան ինք ու իր ընտանիքը, այն է, թէ ինչու աւելի շուտ չէին այցելած Հայաստան։
Աղբիւրը՝ «Sputnik»