image

ՀԲԸՄ Հայաստանը կը հիւրընկալէ «Ցեղասպանութենէն յետոյ. վերքերէն՝ վերածնունդ» միջազգային համաժողովը

ՀԲԸՄ Հայաստանը կը հիւրընկալէ «Ցեղասպանութենէն յետոյ. վերքերէն՝ վերածնունդ» միջազգային համաժողովը

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) կը հիւրընկալէ «Ցեղասպանութենէն յետոյ. վերքերէն՝ վերածնունդ» եռօրեայ միջազգային համաժողովը սեպտեմբեր 17-19-ը, ՀԲԸՄ Հայաստանի դահլիճին մէջ:

Համաժողովը կազմակեպած է «Women in War» կազմակերպութիւնը (Ֆրանսա)՝ ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի, ՀԲԸՄ Հայաստանի եւ Գերմանիոյ ժողովրդական բարձրագոյն դպրոցներու միութեան միջազգային համագործակցութեան հիմնարկի (DVV Ինթըրնէշնլ) հետ համագործակցութեամբ:

Համաժողովը մէկ յարկի տակ կը համախմբէ աշխարհի տարբեր ծայրերէն աւելի քան 50 բանախօսներ՝ քննարկելու ցեղասպանութեան անձնական, քաղաքական եւ ընկերային հետեւանքներու կենտերային բնոյթը։

Բանախօսներու շարքին են ֆեմինիստ մտածողներ, աքթիւիստներ, պատմաբաններ, ընկերաբաններ, մարդաբաններ, հոգեբաններ եւ իրաւաբաններ, որոնք տարբեր մօտեցումներ կը ներկայացնեն ցեղասպանութիւններու եւ զանգուածային բնաջնջումներու վերաբերեալ, այդ շարքին Հայոց ցեղասպանութեան, Հոլոքոսթի, ամերիկացի հնդիկներու, աֆրոամերիկացիներու, Աւստրալիոյ բնիկներու, Քամպոտիոյ,  Ռուանտայի, Պոսնիայի եւ Մեանմարի մէջ եղած ցեղասպանութիւնները:

Մեր օրերուն հալածուած ազգերու՝ Եզտիիներու, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու եւ քիւրտերու ճակատագրերը կ'ուսումնասիրուին համաժողովի ընթացքին, անդրադարձ կ'ըլլայ նաեւ փոխհատուցման եւ հաշտեցման հնարաւորութիւններուն՝ նպատակ հետապնդելով կանխել յետագայ ցեղասպանութիւնները:

Այս նախագիծը կ'իրականացուի Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան, Գերմանիոյ տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման նախարարութեան եւ միւս գործընկերներու հովանաւորութեան շնորհիւ։ Համաժողովին կրնաք հետեւիլ նաեւ ուղիղ կապի միջոցով՝ www. agbu.am կայքէն: