image

Բագրատ Էսթուքեան. «Եթէ Իրավիճակը Թէժանայ Թուրքիա Ապրող ՀՀ Քաղաքացիները Կրնան Անապահով Վիճակի Մատնուիլ»

Բագրատ Էսթուքեան. «Եթէ Իրավիճակը  Թէժանայ  Թուրքիա Ապրող ՀՀ Քաղաքացիները Կրնան Անապահով   Վիճակի  Մատնուիլ»

«Թուրքիա ներկայիս մատնուած է քաղաքական ճգնաժամի: Եթէ քաղաքական գործիչները շուտաբոյթ կերպով չի յաջողին այս ճգնաժամը յաղթահարել, շատ հաւանական է որ վրայ կը հասնի տնտեսական եւ ընկերային ճգնաժամ եւս»: «Արեւելք»ին  յայտնեց  «Ակօս»ի հայկական  էջերու խմբագիր  Բագրատ Էսթուքեան: Էսթուքեան նաեւ նկատել տուաւ, որ  Թուրքիոյ հասարակութիւնը բոլորովին դէմ է երկրին Սուրիոյ քաղաքական պատերազմին մասնակցելուն  նշելով նաեւ, որ «նախագահ Էրտողան, կռիւներու սկսած առաջին օրէն, իր կողքին գտնելով ԱՄՆ, ԵՄ, Սէուտական  Արաբիա  եւ Քաթարը, մեծ ոգեւորութեամբ ուխտած էր վերջ տալ Ասատի իշխանութեան: Բայց երբ արեւմուտքը տեսնելով արմատական իսլամ զինեալ հրոսախումբերու սպառնական վտանքը, հրաժարեցաւ ի գին ամէն բանի Ասատը տապալելու իր նախկին մտադրութենէն: Աւելին՝ արեւմտեան մամուլը ծանրօրէն քննադատեց Թուրքիան,ISIS-ը հովանաւորելու  համար»: 2002 թուականէն այս կողմ, մասնակցած բոլոր ընտրութիւններէն յաղթանակով դուրս եկող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութիւնը 7 Յունիս 2015-ին կայացած խորհրդարանի ընտրութիւններուն կորսնցուց միահեծան կառավարութիւն կազմելու բախտը: Այժմ նախագահ Էրտողան կ'ուզէ «Ժողովուրդներու Տէմոքրաթական» կուսակցութիւնը վարկազրկելով, նոյնիսկ արգիլելով կանխահաս ընտրութեան դիմել, յուսալով որ սրուած պատերազմի պայմաններու տակ ետ կ'ստանայ ազգայնականներու ձայները:  Պատասխանելով մեր  հարցին, որ արդեօք ընթացող դէպքերը  կրնան  ծաւալիլ  երկրի    տարբեր շրջաններէն ներս  Էսթուքեան ըսաւ,-  « Շատ հաւանական է որ գետնի վրայ գրանցուած դէպքերը ծաւալին դէպի երկրի տարբեր քաղաքները: Նշենք որ գլխաւորութեամբ Պոլսոյ, Անգարայի, Զմիւռնիոյի, Թուրքիոյ բազմաթիւ քաղաքներու մէջ քիւրտեր եւ թուրքեր, սիւննիներ եւ ալէւիներ կ'ապրին կողք կողքի: Վերջապէս անցեալի փորձերով գիտենք թէ քաղտնի ծառայութիւնները դիւրաւ կրնան շահագործել ազգայնականներէ բաղկացող խուժան, որ առանց վարանելու կրնայ դիմել զանգուածային մարդասպանութեան: Նախորդ դարասկիզբին «դրախտը եօթ դռներ ունի, եօթ հայ սպաննողը ուղիղ դրախտ կ'երթայ» ըսելով համոզած էին վայրագ քիւրտերը: Իրողութիւն է որ այս պատմութիւնը այսօր ալ յաճախորդ կրնայ գտնել  Թուրքիոյ մէջ».  Էսթուքեան  նաեւ  նշեց, որ     հակառակ անոր, որ ներկայ պահուն    Պոլսահայութեան համար վտանգներ չկան սակայն «պատերազմի պայմաններուն մէջ քամին յանկարծ ուղղութիւն կրնայ փոխել, հետեւաբար յիմար միամտութիւն մըն է «մեզի բան չըլլար» կարծել: Յիշողութիւններու մէջ շատ թարմ է որ Հալէպահայութիւնը պատերազմի ծագելէն ետք երկար ժամանակ ապաստանեցաւ այդ միամիտ խափկանքին առթած ապահովութեան զգացումին»  նշեց  Պոլսահայ խմբագիրը:   Բագրատ Էսթուքեան նաեւ խօսեցաւ  Թուրքիա հաստատուած ՀՀ քաղաքացիներուն մասին  նկատել տալով, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները բնականաբար անապահով պիտի զգան, քանի որ պիտի խուսափին նաեւ պետական ապահովութենէ, տրուած ըլլալով- որ  բոլորն ալ փախստականի  կարգավիճակի մէջ  են:  Անոնք    իրենց  ապահովութիւնը պիտի  փնտռեն   տեղի  հայերուն մօտ»: