Թրքական «Պայքար» ընկերութեան նախագահ Սելճուք Պայրաքթարը յայտարարած է «Պայրաքթար Քըզըլելմա» անօդաչու կործանիչի արտադրութեան մեկնարկի մասին եւ հաստատած այն յաջորդ տարի շահագործման յանձնելու ծրագիրները։
««Պայրաքթար Քըզըլելմա»-ն մտած է արտադրութեան փուլ։ Վեցերորդ ինքնաթիռը ներկայիս արտադրական գիծի վրայ է։ Մենք կ՚արտադրենք եւ միաժամանակ կը շարունակենք կատարելագործել այն։ Ամէն ինչ կ՚արտադրուի Թուրքիոյ մէջ», - ընդգծած է Պայրաքթարը։
Անոր խօսքով՝ անօդաչու համակարգերը զգալի առաւելութիւն կու տան ծախսերու խնայողութեան հարցով: Անօդաչու մարտական ինքնաթիռները, ինչպիսին է «Քըզըլելման», կը ստեղծուին հիմնովին այլ մտայղացումով եւ արժէքով, որոնք չեն կրնար ուղղակիօրէն համեմատուիլ ամերիկեան F-16-ի նման օդաչուաւոր ինքնաթիռներու հետ:
«Միջազգային շուկային մէջ նման ինքնաթիռներու՝ F-16-ի գիները կը հասնին շատ բարձր մակարդակի։ «Պայրաքթար Քըզըլելմա»-ն կրնայ 20, երբեմն՝ 30 անգամ աւելի աժան ըլլալ», -աւելցուցած է ան։