image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիան կ՚ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ արձանագրուած առաջընթացը

Թուրքիան կ՚ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ արձանագրուած առաջընթացը

Թուրքիան ողջունած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ արձանագրուած առաջընթացը։

«Միջազգային հակամարտութիւններու եւ ճգնաժամերու սրման ժամանակաշրջանին այս քայլը կը ներկայացնէ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման համար չափազանց կարեւոր զարգացում։ Մենք կը գնահատենք Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի ներդրումն այս գործընթացին մէջ»,- Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համատեղ հռչակագիրի ստորագրումէն յետոյ յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Հարաւային Կովկասին մէջ խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար ստեղծուած է պատմական հնարաւորութիւն։ «Մենք կը շարունակենք աջակցիլ այս հնարաւորութիւնն իրացնելու ջանքերուն եւ աջակցիլ մեր սիրելի Ատրպէյճանի ջանքերուն»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։