image

«Ազիմութը» չեղարկած է դէպի Ատրպէյճան թռիչքները

«Ազիմութը» չեղարկած է դէպի Ատրպէյճան թռիչքները

Ռուսական «Ազիմութ» օդանաւային ընկերութիւնը չեղեալ յայտարարած է դէպի Ատրպէյճան չուերթները՝ Պաքուի եւ Կեանճայի օդակայաններու կողմէ թռիչքներու թոյլտւութեան ետկանչման պատճառով: Այս մասին յայտնած է ընկերութեան ներկայացուցիչը։

««Ազիմութ» ընկերութիւնը յայտնած է Միներալնիէ Վոտիէն Պաքու եւ Կեանճա, ինչպէս նաեւ Սոչիէն Պաքու չուերթներու չեղարկման մասին՝ Պաքուի եւ Կեանճայի օդակայաններու կողմէ թռիչքներու թոյլտւութեան ետկանչման պատճառով» ,-ըսած է գործակալութեան զրուցակիցը:

Պատճառը Ատրպէյճանի Հանրապետութեան օդագնացութեան իշխանութիւններու կողմէ թռիչքներու թոյլտւութիւնը ետ կանչելն է։