image

«Ինքնութեան արահետ»ը հասաւ Ատիս Ապապա․ Եթովպահայ համայնքի մշակութային վերազարթօնքի նոր հանգրուան

«Ինքնութեան արահետ»ը հասաւ Ատիս Ապապա․ Եթովպահայ համայնքի մշակութային վերազարթօնքի նոր հանգրուան

Հայ մամուլի  մեծ երախտաւոր Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի եւ Երեւանի «Ֆակտում» կեդրոնի համատեղ ջանքերով պատրաստուած «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ժապաւէնը շարունակելով իր միջազգային ճամբորդութիւնը՝ այս անգամ հասաւ Եթովպիոյ մայրաքաղաք Ատիս Ապապա, ուր Եթովպահայ համայնքային խորհուրդի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ անոր հանդիսաւոր ցուցադրութիւնը։

«Արարատ» հայկական ակումբի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկը համախմբեց եթովպահայ համայնքի անդամներ, դիւանագիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։ Այս առիթով Ատիս Ապապա հրաւիրուած էին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանն ու Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկանը։ Ձեռնարկին իր աջակցութիւնը բերած էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սահակ Սարգսեան, որ տարիներ շարունակ պաշտօնավարած էր Իսթանպուլի մէջ եւ մօտէն ծանօթ է Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի պատմական ու համահայկական նշանակութեան։

Ցուցադրութեան բացման ընթացքին խօսք առին դեսպան Սահակ Սարգսեան, Եթովպիոյ Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցւոյ սարկաւագ Վարդգէս Նալպանտեան, Արա Գօչունեան եւ Լենա Ենիեորկան։ Ապա ներկաներուն ներկայացուեցաւ ժապաւէնի անգլերէն տարբերակը, որ մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց ոչ միայն համայնքի անդամներուն, այլեւ օտարազգի հիւրերուն մօտ։

Ձեռնարկը նաեւ յատկանշուեցաւ իր միջազգային մասնակցութեամբ։ Ներկայ էին Եթովպիոյ մօտ Թուրքիոյ Հանրապետութեան դեսպանութեան ներկայացուցիչները, Վրաստանի, Պուլկարիոյ եւ Ղազախիստանի դեսպանները, ինչպէս նաեւ Իրանի դեսպանատան, Եւրոմիութեան առաքելութեան եւ Եթովպական մշակութային շրջանակներու ներկայացուցիչներ։ Հաւաքոյթին մասնակցեցաւ նաեւ Եթովպիոյ վերջին կայսերական ընտանիքի ներկայացուցիչ Հաննա Մարիամ Մեհերէթ-Սելասին։

Ցուցադրութեան աւարտին տեղի ունեցած ընդունելութեան ընթացքին ջերմ մթնոլորտի մէջ զրոյցներ ծաւալեցան հիւրերուն եւ կազմակերպիչներուն միջեւ։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի կողմէ պատրաստուած յուշանուէրները յանձնուեցան Եթովպահայ համայնքային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն, իսկ Արա Գօչունեան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ոսկէ կրծքանշանով պարգեւատրեց Հայաստանի դեսպան Սահակ Սարգսեանը՝ անոր ցուցաբերած աջակցութեան եւ նախաձեռնողական դերակատարութեան համար։

Ատիս Ապապայի այցելութեան ընթացքին Արա Գօչունեանն ու Լենա Ենիեորկանը քաղաքավարական այցելութիւններ կատարեցին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ դեսպանատուներ, իսկ կիրակի օրը մասնակցեցան Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագին։

Յատկանշական է, որ այս ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ այն օրերուն, երբ Ատիս Ապապայի «Արարատ» ակումբի համալիրին մէջ հիմնուած հայկական թանգարանը կը պատրաստուի իր պաշտօնական բացման։ Այս առումով, «Ինքնութեան արահետ» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը եւ հայկական թանգարանի բացումը կը կազմեն մէկ ամբողջութիւն՝ վկայելով, որ Եթովպահայ փոքրաթիւ, բայց կենսունակ համայնքը կը շարունակէ պահպանել եւ նոր շունչ հաղորդել իր ազգային ու մշակութային ներկայութեան։