image

Հայ մշակոյթի տան սաներն այցելեցին Փարիզի «Փէռ Լաշէզ» գերեզմանատուն

Հայ մշակոյթի տան սաներն այցելեցին Փարիզի «Փէռ Լաշէզ» գերեզմանատուն

Ալֆորվիլի «Հայ մշակոյթի տուն» կեդրոնի հայերէնի դասընթացքներուն հետեւող խմբակ մը, իրենց ուսուցչուհիին՝ Վիլմա Գույումճեանի ընկերակցութեամբ, Յունիս 16-ին այցելեց Փարիզի հռչակաւոր «Փէռ Լաշէզ» գերեզմանատունը։ Այցելութեան նպատակն էր յարգանքի տուրք մատուցել հոն հանգչող հայ մեծանուն գրողներու, լրագրողներու, քաղաքական գործիչներու եւ ազգային հերոսներու յիշատակին։

Այցելուները յարգանքի տուրք մատուցեցին եւ ծաղիկներ խոնարհեցին Շաւարշ եւ Արփի Միսաքեաններու, Շահան Շահնուրի, Ալեքսանտր Խատիսեանի, Աւետիս Ահարոնեանի, Զօրավար Անդրանիկի, Պօղոս Նուպար Փաշայի եւ այլ երախտաւորներու շիրիմներուն։

Այցելութեան աւարտին, խումբը պտոյտ մը կատարեց Զապէլ Եսայեանի անունը կրող ծառուղիին երկայնքով՝ վերյիշելով այն նուիրեալ դէմքերը, որոնց թողած հարուստ ժառանգութիւնն ու գործը կը շարունակեն ներշնչման աղբիւր հանդիսանալ նոր սերունդներուն համար, կը տեղեկանանք Ալֆորվիլի «Հայ մշակոյթի տուն» էն։