image

Հայկական ներկայութիւն Պաապտայի մէջ. Մեսրոպեան վարժարանին յուշամետալ

Հայկական ներկայութիւն Պաապտայի մէջ. Մեսրոպեան վարժարանին յուշամետալ

Լիբանանի դժուարին պայմաններուն մէջ կրթական հաստատութիւններու դերակատարութիւնը կը շարունակէ արժեւորուիլ պետական ամենաբարձր մակարդակին վրայ։ Այս համատեքստին մէջ, Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր ձեռնարկը առիթ դարձաւ գնահատելու այն վարժարանները, որոնք իրենց մասնակցութեամբ նպաստած են երիտասարդ սերունդներու մօտ քաղաքացիական գիտակցութեան, ժողովրդավարական արժէքներու եւ համակեցութեան մշակոյթի ամրապնդման։ Այդ պատուաբեր շարքին մէջ իր արժանի տեղը ունեցաւ նաեւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը։

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի Առաջին տիկին Նեհմաթ Աունի, 18 Յունիս 2026-ին, Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցաւ գնահատանքի հաւաք-հանդիսութիւն մը, նշելու համար «Քաղաքացիական Դաստիարակութեան Դպրոց» (School of Citizenship) համալիբանանեան ծրագիրի առաջին տարեշրջանի յաջող աւարտը։


Լիբանանի բոլոր շրջաններէն 150 պետական եւ մասնաւոր վարժարաններու շարքին, ծրագիրին իր աշխոյժ եւ նախանձախնդիր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը։ Հանդիսութեան ներկայ էր Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ։ Մասնակից 150 դպրոցներու փաղանգին մէջ իրենց պատուաբեր տեղը գրաւած էին լիբանանահայ 5 վարժարաններ։


Հանդիպումը ունէր նաեւ արժեւորման բնոյթ։ Մասնակից դպրոցներու տնօրէններն ու պատասխանատուները ամփոփեցին տարուան ընթացքին արձանագրուած նուաճումները, որոնք միտուած էին աշակերտներու մօտ քաղաքացիական գիտակցութեան, ժողովրդավարական արժէքներու եւ համակեցութեան սկզբունքներու արմատաւորման։ Ծրագիրը նախաձեռնող Առաջին տիկինը եւ մասնակիցները վերահաստատեցին իրենց կամքն ու պատրաստակամութիւնը՝ յառաջիկայ տարեշրջաններուն եւս նոյն թափով շարունակելու եւ ընդլայնելու այս կենսական նախաձեռնութիւնը։ Յառաջիկայ տարի, մասնակից դպրոցներու թիւը պիտի բարձրանայ 300-ի։


Հանդիսութեան աւարտին, առ ի գնահատանք ներդրած մեծ ջանքերուն, մասնակից վարժարաններու տնօրէնները պարգեւատրուեցան սոյն առիթին համար յատուկ պատրաստուած յուշամետալներով, յատկապէս ընդգծելու համար դպրոցներու ցուցաբերած տոկունութիւնը՝ ի հեճուկս երկրի ապրած դժուարին պայմաններուն։