Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը Ֆուլիայի «Սուլէյման Սեպա» մշակոյթի կեդրոնին մէջ կազմակերպած իր ելոյթով հերթական անգամ համախմբած է համայնքի գեղարուեստասէր շրջանակները։ Կարպիս Չափքանի գեղարուեստական ղեկավարութեամբ, համոյթը հանդէս եկած է հայկական ժողովրդական երգի եւ պարի բարձր մակարդակի կատարումներով։
Պոլսոյ «Ժամանակ»էն կը կարդանք՝
Երէկ երեկոյեան, Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որ հերթական անգամ համախմբեց համայնքի գեղարուեստասէր շրջանակները։ Ֆուլիայի «Սուլէյման Սեպա» մշակոյթի կեդրոնը, որ կը գործէ Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան հովանաւորութեան ներքեւ, հիւրընկալեց այս երեկոյթը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտ։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի մականին ներքեւ, «Մարալ»ը յաջողեցաւ անգամ մը եւս գերազանց մակարդակով հանդէս գալ եւ հայկական ժողովրդական երգարուեստի ու պարարուեստի կատարումներով հրապուրել բոլոր ներկաները։ Ձեռնարկի առանձնայատկութիւնն էր, որ համոյթի բուն կազմին առընթեր՝ մանկապատանեկան կազմն ալ մաս կազմեց յայտագրին։
Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան արքեպիսկոպոս Մաշալեան։ Ներկաներու շարքին էին Տ. Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան, Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւագ քահանայ Տամատեան, Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները եւ Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան անդամները։ «Մարալ»ի հիմնադրութեան 45-ամեակի յոբելենական շրջանին գործած կարգադիր յանձնախումբն ալ բաժին ստանձնած էր երեկոյթի կազմակերպման ուղղութեամբ։
Եզրափակիչ փուլին բոլորի ծափահարութիւններու ներքեւ երախտագիտութեան առարկայ դարձաւ մեր համայնքի բազմամեայ բարերարներէն Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հուսկ բանքին մէջ բարձր գնահատեց «Մարալ»ին կողմէ արձանագրուած յաջողութիւնը՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի կողմէ գործադրուած ջանքերու անփոխարինելի նշանակութեան։