image
Հրատապ լուրեր:

Այտա Ազնաւուր տօնեց իր 100-ամեակը

Այտա Ազնաւուր տօնեց իր 100-ամեակը

Այտա Ազնաւուր՝ Շարլ Ազնաւուրին քոյրը, Ժորժ Կառվարենցի այրին, օրերս բոլորեց 100-ամեակը: Յատկանշական այս յոբելեանը հայուհին նշած է իր առանձնատան մէջ, ուր կը բնակի միայնակ՝ օգնական-խնամակալին հետ, քովը միշտ սիրելի շունն է՝ ծերութեան իր հաւատարիմ ուղեկիցը: Յաճախ անոր կ՚այցելէ մանկութեան ընկերուհին՝ Մատլէն Էքիզեանը, որ նաեւ Շարլ Ազնաւուրի մանկութեան ընկերուհին եղած է: Իսկ ամենայաճախակի այցելողը Այտա Ազնաւուրի տունը, Շարլ Ազնաւուրի աւագ դուստրն է՝ Սեդա Ազնաւուրը: Ան առանձնակի ջերմութեամբ ժամանակ կ՚անցընէ հօրաքրոջը հետ, կը լուսանկարէ, տեսանիւթեր կը պատրաստէ եւ կը տարածէ համացանցին վրայ: Այդպիսով, Սեդա Ազնաւուր բոլոր հետաքրքրուողներուն լուրեր կը փոխանցէ Շարլ Ազնաւուրի քրոջ եւ իր սիրելի հօրաքրոջ առողջութեան, տրամադրութեան, զբաղումներուն մասին:

Այտա Ազնաւուր սովորաբար միշտ ուրախ է, ատեն-ատեն դաշնամուր կը նուագէ, ճաշին համար բանջարեղէնը երբեմն ինքը կը մաքրէ, կը զբօսնէ պարտէզը… Սեդան դստեր պէս է անոր համար: Իր յուշավէպին մէջ Այտա Ազնաւուր գրած է, որ ինք զաւակներ չունեցաւ, բայց կայ Այտան, որ տարիներու ընթացքին իրեն համար դուստր դարձած է։ «Շատ կապուած եմ իրեն, վստահ եմ՝ ինքն ալ ինծի: Այդ մէկը բնական է: Առհասարակ, մենք ամբողջ ընտանիքով զիրար սիրելու տկարութիւն ունինք», յուշավէպին մէջ գրած է Շարլ Ազնաւուրի միակ քոյրը:

100-ամեակի ընտանեկան տօնին ներկայ էր նաեւ Շարլ Ազնաւուրի պզտիկ դուստրը՝ Քաթիա Ազնաւուրը, իր ամուսինին՝ Ժան-Ռաշէտին հետ: Ծննդեան օրը նշած են ընտանեկան միջավայրին մէջ, առանց ճոխութիւններու, համեստ կարկանդակով մը: «Ազնաւուր» հիմնադրամը այս առիթով յիշեցուցած է Շարլ Ազնաւուրին հետեւեալ խօսքերը. «Քրոջս հետ որոշած ենք, որ 100 տարեկանին շեմը պիտի անցնինք: Ան իրաւունք չունի պայմանը խախտելու, ու ես ալ իրաւունք չունիմ…»։

Ցաւօք, մեծ երգիչը կեանքէն հեռացաւ 94 տարեկանին: Այտան իր յուշերուն մէջ կը գրէ, որ պզտիկ ժամանակ ինք կարծած է, որ իրենք երկուորեակ են, այդպէս ալ ապրած են իրենց կեանքը՝ երկուորեակի պէս: Միասին սկսած են իրենց երաժշտական ուղին, խաղացած են մանկական թատրոնի մէջ, երգած են սիրողական բեմերուն վրայ, փողոցը, կիսած են աղքատութեան դժուարութիւնները, գաղթական ընտանիքին ճակատագիրը:

Միշա եւ Քնար Ազնաւուրեաններու առջինեկը՝ Այտան ծնած է Յունաստան՝ 1923 թուականի 13 յունուարին: Միշան եւ Քնարը թատրոնի, երաժշտութեան հանդէպ անսահման սէր ունէին: Քնարը դերասանուհի էր, Միշան՝ երգիչ: Անոնք հանդիպած են Պոլսոյ մէջ, ուր Ախալցխա ծնած Միշա Ազնաւուրեանը ելոյթներ կ՚ունենար, իսկ իզմիթցի Քնար Պաղտասարեան յօդուածներ կը գրէր հայկական թերթին համար։

1922 թուականին անոնք կը գաղթեն Յունաստան, հոս կը ծնի Այտան, այնուհետեւ Ազնաւուրեանները կը տեղափոխուին Փարիզ, ուր մէկ տարի անց կը ծնի Շարլ (Շահնուր Վաղինակ) Ազնաւուրը։ Մէկ տարի յետոյ՝ 2024 թուականին հայութիւնը արդէն մեծ հային 100-ամեակը պիտի տօնէ:

«Ազնաւուր» հիմնադրամը Այտա Ազնաւուրի 100-ամեակին առթիւ տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ. «Այտան ու Շարլը անբաժան եղած են ողջ կեանքի ընթացքին. միասին երազած են մեծ բեմին մասին ու իրագործած իրենց երազանքը, միասին ապրած բոլոր ուրախութիւններն ու տրտմութիւնները, ստեղծագործած, ճամբորդած ողջ աշխարհով ու եղած իրարու թեւութիկունք։ Շարլ Ազնաւուրին նուիրուած իր «Petit frér» («Փոքր եղբայր») գիրքին մէջ Այտա Ազնաւուր կը պատմէ իր եւ եղբօր մտերմութեան ու արկածներով լի կեանքին մասինե: 1986 թուականին Փարիզ լոյս տեսած «Petit frér» գիրքը աւելի ուշ ֆրանսերէնէ արեւելահայերէնի թարգմանած է Գրիգոր Ջանիկեան, ընտրելով «Ափարիկս» խորագիրը, որ ամենաճշգրիտ կերպով կը բնորոշէ գիրքին ոգին: Այդ բառով դիմած է քոյրը՝ եղբօրը, իսկ գիրքին մէջ իրենց ողջ կեանքն է, որ Այտա Ազնաւուր նկարագրած է ամենայն մանրամասնութեամբ, փոխանցելով կեանքի հանդէպ իրենց ընտանիքին անչափ լաւատեսութիւնը: Արեւմտահայերէնի փոխադրելով, կու տանք հատուածներ.

***

Առաջինը զիս տարին Արփ փողոցը գտնուող կաթոլիկ քոյրերու վարժարանը: Շատ հպարտ էի, որ ես արդէն դպրոցական եմ, Շարլը՝ ոչ: Իմ ուրախութիւնս, սակայն, երկար չտեւեց: Երրորդ օրը քիչ մնացած էր ամօթէն գետինը մտնէի՝ վարքէս զերօ ստացած էի: Այդ մէկը ուղղակի խայտառակութիւն էր, մանաւանդ, որ ինծի խրատած էին բարձր պահել մեր գերդաստանին, Հայաստանին պատիւը: Նոյնիսկ չէի գիտեր՝ ինչպէս տուն մտնեմ: Յանցանքս հետեւեալն էր. քովս նստած աղջիկը տասը մատով ինծի քիթ ցոյց տուաւ: Ես իմաստը չհասկցայ, բայց ինծի հաճելի էր, ես ալ փորձեցի: Սակայն, անճարակութենէ՞ն, թէ՞ անփորձութենէն, տասը մատներս ուղղուեցան վարժուհի Ռոզալիի կողմը: Զերոն կառափնահատի պէս իջաւ գլխուս: Նոյնիսկ այսօր, երբ կը յիշեմ այդ պահը, մարմինէս սարսուռ կ՚անցնի: Երեխաներուն հետ պատահած որոշ մանրուքներ, որոնք մեր ներողամիտ ժպիտը կը յարուցանեն, անոնց ողբերգութեան համազօր կրնան թուիլ: Ես գոնէ շատ, չափազանց շատ զգայուն էի (մինչեւ հիմա ալ չեմ փոխուած): Փոքր աղջիկ էի, բայց յաճախ, երբ ես ինծի կ՚ըսէի. «Կու գայ ժամանակ, ծնողքս չեն ըլլար, ես կը յիշեմ անոնց հետ անցուցած ահա՛ այս պահը», լալս կու գար: Իրաւ, մինչեւ հիմա ալ յաճախ կը մտաբերեմ, թէ ինչպէս ըսենք, մայրիկը հայերէն երգեր մրմնջալով, արդուկ կ՚ընէր, եւ այն ժամանակուայ պէս աչքերս կը լեցուին:

Քնարը, ճիշդ է, որ շատ կը չարչարուէր. մինչեւ ուշ գիշեր կը կարէր, կ՚ասեղնագործէր: Այդպէս անցաւ անոր կեանքին մեծ մասը, մինչեւ Շարլը սկսաւ յաջողութիւններ ունենալ, ու ծնողքս դադրեցան աշխատելէ, որեւէ մէկ բանի կարիք զգալէ: Այո, իմ եղբօրս առաջին, քիչ թէ շատ շօշափելի պատուավճարները յատկացուած են անոնց, որոնք իրենց կեանքին քսան լաւագոյն տարիները նուիրած են մեզի, տքնած-տառապած են մեր հանապազօրեայ հացը հոգալու համար:

Նոյնը կը վերաբերի նաեւ իմ ամուսնիս՝ Կառվարենցին: Անոր մայրը՝ հայ մեծանուն բանաստեղծին այրին, ստիպուած եղած է գործարանին մէջ կար կարել, որպէսզի երկու զաւակ մեծցնէ: Ահա թէ ինչու «Գիշերային արձագանգ», «Պարի հրաւիրելու ամենագեղեցիկ աղջիկը», «Թաքսի Թոպրուքին մէջ» շարժանկարներուն երաժշտութեան պատուավճարով Ժորժը առանձնատուն նուիրեց իր մօրը, այն պարագային, երբ ինքը տակաւին ապրելու տեղ չունէր, չէր վճարած ինքնաշարժին պարտքը: Իմ ընթերցողներէս անոնց, որոնք կը շտապեն սուրբի լուսապսակով զարդարել այս երկու տղաքը, կ՚ուզեմ ըսել՝ որքան ալ զարմանալի թուի ձեզի, հայերուն համար այդպիսի նուիրուածութիւնը խիստ բնական է, այնպէս որ ո՛չ Շարլը, ո՛չ ալ Ժորժը այլ կերպ կրնային վարուիլ:

***

Իմ մեծ հօրս ճաշարանին աշխատանքը Միշային (եթէ, անշուշտ, աշխատանք կ՚ունենար) բնական է, չէր կրնար գոհացնել: Հայրիկը չէր մոռցած իր երազներն ու ծրագիրները, կ՚այրէր՝ բեմ բարձրանալու, հայկական բոլոր երեկոյթներուն ելոյթ ունենալու ցանկութիւնով: Բայց հանդէսներուն կազմակերպիչները, ինչպէս ամէնուր, անծանօթ դերասանին բանի տեղ չէին դներ, աւելին, կը ստիպէին դահլիճին մէջ նստիլ ու ծափահարել այնպիսի երգիչներ, որոնք, Միշայի հաստատ համոզումով, իր կօշիկի փոշին անգամ չէին արժեր: Հայրիկը կը վիրաւորուէր ու չէր թաքցներ ատիկա, մինչեւ այն օրը, երբ Միւթուալիթէի սրահին մէջ տեղի ունեցած երեկոյէն յետոյ համերգավարը, ըստ երեւոյթին ի վիճակի չըլլալով դիմադրել Միշայի յամառութեան, բեմ կը հրէ.

-Քանի այդքան շատ կ՚ուզես, երգէ.՛..

Հանդիսականները արդէն ոտքի ելած, ուղղուած էին դէպի ելքը: Ոեւէ ողջամիտ դերասան կը մերժէր նման վտանգաւոր առաջարկը, որ յղացած էին, անշուշտ, հայրիկի յաւակնոտութենէն ձերբազատուելու համար, բայց ան բաւականաչափ խենթ էր ու մանաւանդ՝ բաւականաչափ ինքնավստահ, որպէսզի վախնար կամ հրաժարէր: Ելաւ բեմ ու առանց ներկայացուած ըլլալու, առանց նուագախումբի, դահլիճէն դուրս եկողներու խճողման մէջ սկսաւ երգել: Հայրիկը կ՚երգէր իր ձգած երկրին մասին, որ այնքա՜ն մօտ էր տակաւին, այնքա՜ն հարազատ: Աղմուկը աննկատ մարեցաւ, ամէն մարդ իր տեղը դարձաւ ու ամէնքը համակուեցան անակնկալ յուզումով: Հազար ու մէկ գիշերուայ հեքիաթի կախարդական գորգին նման երգի մեղեդին ու բառերը Ֆրանսա հանգրուանած այդ մարդիկը կը տանէին իրենց նախնիներուն երկիրը: Արցունքները աննկատ կը սկսէին հոսիլ, եւ Միշան չտեսնելով, բայց զգալով հանդիսատեսին ապրումները, աւելի կը յուզուէր, դահլիճին յոյզերը բիւրեղացուցած, կը վերադարձնէր ետ:

Այդ մէկը յաղթանակ էր, քաղցր՝ Միշայի մեղրածոր ձայնի, դառն՝ կորսնցուցած հնարաւորութիւններուն նման: Այդ ելոյթը լոկ վիրաւորուած երգիչի մը հոգեկան սփոփանք չէր, բնական է, այլ նաեւ, այն ալ քանի՜-քանի՜ անգամ, մեր հացին վրայ քսուող կարագը:

Յիշարժան համերգէն յետոյ Միշա Ազնաւուրեանը արդէն պաշտօնապէս կը հրաւիրեն մասնակցելու մեծահարուստ հայերու՝ Փարիզին մէջ կազմակերպած բոլոր երեկոյթներուն: Հայրիկը տուն կը դառնար շատ ուշ, ծափահարութիւններէն, յաճախ նաեւ կարմիր գինիէն գինովցած, բայց ամէն պարագայի, թեւին տակ կ՚ունենար բաւականին մեծ կապոց մը, որ հպարտութեամբ կը դնէր սեղանին: Ու որպէսզի երգը, գինին շարունակեն յորդիլ, որպէսզի երազը չընդհատուի, շտապ կը հրաւիրէր տակաւին արթուն իր ընկերները, մինչեւ լուսաբաց խնջոյք կ՚ընէին:

Բնականաբար, վաղ թէ ուշ, ես ալ պիտի մտնէի այդ խորհրդաւոր երերուն աշխարհը, որուն ամբողջ կահաւորանքը փայտեայ հարթակն ու լուսաւորող սարքն է, այն տարօրինակ աշխարհը, ուրկէ ոչ ոք լիովին ետ կը դառնայ: Ըստ երեւոյթին, ճերմակ, փքուն ժապաւէնի պատճառով, որ Քնարը կը կապէր մազերուս, համայնքի երեխաներէն զիս ընտրեցին հայկական ինչ-որ ներկայացման մէջ խաղալու համար: Այն ժամանակ ճեփճերմակ ժապաւէնը, որ հարթեցնելու համար մայրիկը ամէն գիշեր խնամքով կը փաթթէր մահճակալի մետաղեայ սնարին, կը կարծէի, թէ ելած է Զատկի հաւկիթի մէջէն: Հագուստիս վրայ մէկ ուրիշ մետաքսեայ ժապաւէն ալ կար, որ գրեթէ գլխուս մեծութիւնը ունէր: Ես ինծի ամպերու մէջ կը զգայի, հինգ տարեկան էի եւ բեմ պիտի ելլէի: Եւ երբ Մէօսիէօ-լը-Փրէնս փողոցի աստիճաներով վեր կը մագլցէի, ինծի համար ալ անսպասելի, ատկէ առաջ բնաւ չապրուած այնպիսի իւրօրինակ երջանկութեամբ մը համակուեցայ, որ ճակտիս նոյնիսկ քրտինքի կաթիլներ յայտնուեցան: Ատիկա հրաշալի զգացում էր, վճռեցի երեկոյեան, թատրոնէն վերադառնալու ժամանակ, անընդհատ իջնել-բարձրանալ աստիճաններով: Այդպէս ալ ըրի, սակայն, աւա՜ղ, նոյն ապրումները այլեւս չունեցայ՝ ներկայացումը աւարտած էր: Նոր միայն հասկացայ, որ ոչ թէ աստիճանները զիս խանդավառած էին, այլ բեմ ելլելու սպասումը: Այդ մոգական երջանկութիւնը այնուհետեւ յաճախ կրկնուեցաւ իմ կեանքիս մէջ, բայց յիշողութեանս մէջ խորապէս տպաւորուած էր առաջին անգամուանը:

***

Որոշ ժամանակ անց Շարլը սկսաւ յաճախել Ժի-լը-Քէօր փողոցը գտնուող կաթոլիկներուն վարժարանը: Մեր ծնողքը շատ կը փափաքէր, որ մենք կրօնական դաստիարակութիւն ստանանք: «Բարի ըլլալու համար պէտք է հաւատք ունենալ», կ՚ըսէր մայրս: Անոր խորին համոզումով, անհետ կորսուած ծնողքը, եղբայրներն ու քոյրերը նաեւ հաւատքի նահատակներ էին: Ուրեմն, պէտք էր հաւատարիմ մնալ անոնց էութեան, հետերնին առընչուիլ աղօթքով, որ դարձած էր մոլորակով մէկ սփռուած մեր ժողովուրդին միակ կապը: Քնարի պատուիրանը մենք չէինք մոռցած, Շարլը մինչեւ հիմա ալ կը կրկնէ.

-Ֆրանսան իմ երկիրս է, Հայաստանը՝ հաւատքս:

Նոյն տարին ալ անոր համար ջութակ գնեցին: Ստիպուած եմ, սակայն, խոստովանիլ, որ եղբայրս Եհուտի Մենուհին (ԱՄՆ ծնած նշանաւոր ջութակահար) պիտի չդառնար: Այս հանգամանքը, անշուշտ, չէր խանգարեր, որ ան, առանց տունիններուն ըսելու, ժամերով կենար Շամփոլիոն փողոցի անկիւնադարձին վրայ եւ ջութակին պատեանը գետինը բացած, դրած, ջանասիրութեամբ շարժէր աղեղը: Ո՜վ գիտէ, գուցէ… Այո՛, այո՛, շուտով հինգ սուանոց մետաղադրամները կը սկսին տեղալ: Շարլը աւելի կ՚ոգեւորուի: Նոյնը կարելի չէ ըսել, սակայն, հայրիկին մասին, որ, մօտակայ ճաշարանը գտնուելով, երբ կը գիտնայ այդ նորութիւնը, կը վազէ, մէկ թեւին տակ ջութակը, միւսին տակ հրաշամանուկը առնելով կը հասցնէ տուն: Շարլը, ընդունելով իր սխալը, ներողութիւն կը խնդրէ, բայց փայլող աչքերը կը մատնեն ներքին հրճուանքը՝ առաջին աշխատած մետաղադրամները կիսատաբատի գրպանները ուռճացուցած էին:

Այդ ժամանակ ան հինգ տարեկան էր:

Ես սկսայ դաշնամուրի դասեր առնել, պարզ է, հայ ուսուցիչէ մը՝ պարոն Պետրոսեանէն: Շուտով Շարլը ձգեց աղեղը եւ մատները սկսաւ սահեցնել ստեղներուն վրայով, ընդ որում, ոչ ոք կը պարապէր անոր հետ: Ճիշդ է՝ ես ատեն մը ինչ-որ համադաշն նոթեր ցոյց կու տայի, բայց մնացեալը ան գլուխ կը հանէր ինքնուրոյն:

Շատ չանցած, անսպասելի ներշնչանք մը համակեց մեզ եւ մենք յօրինեցինք մեր անդրանիկ գլուխ-գործոցը, զոր կոչած էինք. «Պարոն Պերլինկոյին ինքնաշարժը». խօսքը եւ երաժշտութիւնը՝ Շարլ, Այտա Ազնաւուրեաններու:

Ահա եւ մեր առաջին բերանացի ստեղծագործութիւնը.

Կար ինքնաշարժ մը

Որ կը սուրար ջուրի,

Ու ցամաքի վրայ:

Երբ եղանակը լաւ կ՚ըլլար

Պարոն Պերլինկոն իսկոյն

Ինքնաշարժը դուրս կը հանէր:

Ասոնք իմ եղբօրս յօրինած հազարաւոր յանգաւոր տողերուն սկիզբն էր: Ի՜նչ իմանայինք, որ թուղթի կտորին վրայ խզբզելը կը դառնայ իր հարստութիւնը եւ փառքին ակունքը:

Այդ շրջանին կարեւորը միայն ու միայն դպրոցին մէջ լաւ սորվիլն էր: Փոքր տարիքէն նոյնիսկ մենք կը զգայինք, որ օտար ենք ու մեր հասակակից ֆրանսացիներէն մեկուսացած, քաշուած կը պահուըտէինք: Ատոր պատճառը, ըստ երեւոյթին, ակնածանքն էր ասպնջական երկրին հանդէպ, ինչպէս նաեւ հայ անունը անաղարտ, բարձր պահելու մղումը: Ի միջի այլոց, այս պատգամը մեզի տուած են, երբ որ հասած ենք գիտակցական տարիքի, եւ այդ պատգամին մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին ջանացած ենք հաւատարիմ մնալ:

Հայրենիքէն հեռու, տեղացիներէն տարբեր, այսինքն օտարական ըլլալու ցաւատանջ, շատ կանուխ արթնցած զգացողութիւնը բազմաթիւ գաղթական երեխաներու այնպիսի ապրումներ պատճառած է, որ ամբողջ կեանքի ընթացքին չեն կարողացած մոռնալ: Հիմնականը այդ մասին է մեր ընտանիքին բարեկամ Աշոտ Մալաքեանի (որ աւելի շատ ծանօթ է Անրի Վերնէօյ անունով) «Մայրիկ» հրաշալի գիրքը: Ֆրանսական շարժանկարի ամենէն յայտնի բեմադրիչներէն մէկը այսօր ալ դառնութեամբ կը յիշէ, թէ ինչեր քաշած է հայ ըլլալուն պատճառով: Մենք, շիտակը, խտրականութիւն չենք զգացած, այդ տարբերութենէն չենք տուժած: Անշուշտ, մեր մականունը ծաղրած են. «Դուն Ազնաւուրեան ես, ուրեմն ոչ մէկ բան ես», գուցէ եղած են ասոր պէս կամ նոյնիսկ աւելի վիրաւորական ուրիշ պիտակներ, սակայն արդարութիւնը կը պահանջէ աւելցնել իսկոյն, որ մանկական հեգնանքի թիրախը միայն Ֆրանսայէն հեռու ծնածները չէին դառնար…

Ո՛չ, երեսնականներուն Լատինական թաղամասին մէջ մեզ օտար չէինք զգար, մենք շատ արագ ունեցանք հասակակից ընկերներ, որոնք տուն կը բերէինք, հայկական կերակուրներ կը հիւրասիրէինք: Կը կարծեմ մայրիկի շաքարահաց, հալուայ, վարդի անուշ շինելու վարպետութիւնը Հարփ եւ Ժի-լը-Քէօր փողոցներուն մէջ մեր ձեռք ձգած համբաւին շատ նպաստեց: Եւ յետոյ, ծաղրանունները, որոնք կը փակցնէին մեզի, միշտ չէ, որ ծաղրական իմաստ կ՚ունենային: Յաճախ՝ ճիշդ հակառակը: Շարլը դպրոցի մէջ կը կանչէին «Շարլօ», եւ բնական է, ան հպարտ կը զգար ինքզինքը, որ թէկուզ կատակով, կը համեմատէին շարժանկարի համաշխարհային աստղին հետ:

Մանաւանդ, այդ հիւանդութեամբ մենք արդէն վարակուած էինք, յաճախ կ՚երթայինք Սեն-Ժերմէն պողոտայի եւ Սէն-Ժաք փողոցին անկիւնի «Քլունի» շարժանկարային սրահը: Մեզի հաճելի էր մանաւանդ դաշնամուրի եւ ջութակի նուագակցութիւնը, որ տպաւորիչ եւ յուզիչ կը դարձնէր շարժանկարին գործողութիւնը:

Այժմ կը հասկնամ, որ այդ տարիքին արդէն թէ՛ մէկս, թէ՛ միւսս տարուած էինք բեմով…

ԱՅՏԱ ԱԶՆԱՒՈՒՐ

Հատուածներ՝ «Ափարիկս» գիրքէն

 

Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս