image

Սուրիոյ Ճեզիրէիի Առաջնորդական Փոխանորդութեան հիմնարկէքը. Հայր Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի գրառումը

Սուրիոյ Ճեզիրէիի  Առաջնորդական Փոխանորդութեան հիմնարկէքը. Հայր Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի գրառումը

Հայութեան տառապանքներու դաժան ճանապարհին, տեղահանութեան ու արտաքսման ենթարկուած ժողովուրդին մէկ մասն էին նաեւ Ճեզիրէի ժողովուրդի զաւակները։ Անոնցմէ շատեր իրենց պապերէն ժառանգած հաւատքին կառչած՝ անապատի տօթը դիմադրելու անկարող, ինկան ի սէր հաւատքի եւ հայրենիքի։ Ուրիշներ տարուեցան քրտական կամ արաբական ընտանիքներու կողմէ, իսկ շատեր կազմեցին այն հայ գաղութը, որ անապատի տօթէն բխող քրտինքով աճեցաւ, արեւու ճառագայթներուն տակ հասակ առաւ եւ ժամանակին իր պտուղները տուաւ։ Այդ պտուղները առատ էին, լիարժէք ու բարեբեր։

Այսօրուան համար Աստուծոյ փառք, գոհութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, որդիական պարտք եւ պարտաւորութիւն կը զգամ խորին երախտիքս յայտնելու բոլոր անոնց, որոնք դրկից երկրէն, իրենց մայրենի բնօրրանէն բռնի տեղահանուելով եկան ու այստեղ հաստատուեցան։ Անապատային տօթին դիմադրելով՝ հիմնեցին եկեղեցիներ, շինեցին դպրոցներ, եւ աւելի՛ն. կերտեցին գաղութ մը, որ զօրացաւ ազգ. դաստիարակութեամբ, հաւատարմութեամբ եւ մարդասիրական ոգիով։

Այս պահուն, սրտիս խորերէն կը փորձեմ վեր բերել անկեղծ փափաքս՝ որ դուք եւս լսէք անոնց անունները ու ձեր ականջին հասնին արագիլի ձայնի նման, եւ ձեր մարմինը մէկ վայրկեանով ասղնտուի, անոնց ներկայութիւնը զգալով, ինչպէս զիս կը ցնցէ անոնց յիշատակը։ Թող զգանք, որ անոնք այստեղ են՝ ձեր կողքին։

Անոնք մեր հայրերն ու մայրերն են, մեր անցեալն ու ներկան, մեր ժառանգութեան կենսանիւթը։ Անոնք առաջին Ճեզիրահայերն են։

Արտաքսուած իրենց սեփական տուներէն՝ Տիգրանակերտէն, Սասունէն, Ուրֆայէն, Պշէրիքէն եւ այլ շրջաններէ, անոնք եկան եւ այստեղ հիմնեցին նոր հայրենիք, նոր Հայաստան մը՝ դառնալով ցուցանիշ ներկայ ժողովուրդին։ Անոնք՝ 1915-ի արհաւիրքէն ետք եւ յատկապէս 1927-1930 թուականներուն, հաստատուեցան Գամիշլի, եւ այդ պահէն սկսեալ իրենց տուները վերածուեցան եկեղեցիներու եւ դպրոցներու։ Այնպէս ամրապնդուեցան իրենց ինքնութեան մէջ, որ Գամիշլին իսկ դարձաւ հայաշունչ շրջան։

Այդ թուականներուն, իրականութիւն դարձաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռի վեհափառի առաջին հովուապետական այցելութիւնը՝ 1934-ին, յանձին երջանկայիշատակ ՏՏ Բաբգէն Ա. Աթոռակից Կաթողիկոսի։ Նորին Սրբութիւնը, 24 Հոկտեմբերէն մինչեւ 12 Նոյեմբեր 1934, այցելեց Պապ, Մունպուճ, Ճարապլուս, Արաբ-Բունար, Այն-Արուս, Թէլ-Ապիատ, Թինա, Ռաքքա, Թէլ-Սիման, Խըրպըթ-Ռըզ, Ռաս-ուլ-Այն, Տըրպէսիէ, Ամուտա, Գամիշլի, Գուպուր-Պիտ, Վանիկ, Տէրիք, Այն-Տիուար, դարձեալ Գամիշլի, ապա Թէլ-Պրագ, Հասիչէ եւ Տէր Զօր։

Ահա՛, հեռաւոր Սուրիոյ հիւսիսային հողերուն վրայ, Գամիշլիի Ճախ-Ճախ գետի ափին, ձեխով ու գերաններով կանգնեցուած է եկեղեցին՝ ոչ թէ ջուրով, այլ առաջին հայերու քրտինքով օրհնուած, ոչ թէ գամերով, այլ անոնց արիւնով ամրացած։ Այդ խոնարհ սրբավայրին մէջ Սուրբ Հոգին կը հանգչի եւ զայն կ'օծէ՝ «Առաքելոյ աղաւնոյ» երգակ-ցութեամբ եւ ձեռամբ՝ երջանկայիշատակ Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոսին, 4 Նոյեմբեր 1934-ին։

Այցի պտուղները աստիճանաբար բեւեռացան, եւ յատկապէս 1941-ին եկան յայտնուելու, երբ տարիներ շարունակ Ճեզիրէի ժողովուրդին եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի հաւաքական խնդրանքին ի պատասխան, Ս. Աթոռիս Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը,- իր 1941 Սեպտեմբեր 4-ի նիստին,- սկզբունքով ընդունեց վեղարաւոր մը ղրկել Ճեզիրէ։

Որքա՛ն ուրախութեամբ ողողուեցաւ իմ հոգին, երբ կարդացի զանազան շրջաններէ եկած խնդրանքներու մերժումը, եւ լոկ ընդառաջումը՝ Ճեզիրէի ժողովուրդին։

Հաղորդագրութիւնը կը շարունակէր այսպէս. «Հակառակ թեմերու կազմակերպութեան համար նախորդ տարիներուն տրուած որոշումներուն, Կիլիկիոյ թեմերը մինչեւ այժմ սահմանադրական վարչաձեւ մը չեն ստացած եւ ընտրեալ առաջնորդներով չեն օժտուած, բացի Հալէպէն, որ տարիէ մը ի վեր ունի իր Առաջնորդական Տեղապահը։ Նկատելով, որ ներկայիս անհրաժեշտ կը նկատուի հին թեմերը բարեփոխելու եւ նոր թեմեր կազմելու՝ ինչպէս Ճեզիրէ, Զահլէ, Պէքաա, Լաթաքիա եւ Քեսապ շրջանները, եւ յետ խորհրդածութեան, ժողովս որոշեց սոյն հարցը յանձնել Տեղապահ Սրբազանին՝ ի մասնաւոր ուշադրութեան եւ հոգածութեան, խնդրելով որ այժմէ՛ն ձեռնարկէ գործին նախապատրաստութեան եւ զեկուցէ յառաջիկային գումարուելիք Ազգային Ընդհանուր Ժողովին (Նոյեմբեր 16)։

Սակայն նկատի ունենալով Ճեզիրէի հոծ հայութեան անմիջական կարիքները, ինչպէս նաեւ Հալէպի Առաջնորդարանի երկարամեայ դիմումները, ժողովս սկզբունքով ընդունեց վեղարաւոր մը ղրկել հոն՝ որպէս Առաջնորդական Փոխանորդ, մինչեւ հետագայ տնօրինութիւն»։

14 Մարտ 1942-ին, Խորէն Վարդապետ Բարոյեան կը հասնի Գամիշլի եւ աշխատանքը կը սկսի՝ շինելով եկեղեցիներ, ծաղկոցներ եւ դպրոցներ։ 26 Յուլիս 1942-ին հիմնարկէքը կը կատարուի Առաջնորդական Փոխանորդութեան եւ Մանկապարտէզին, Իսկ 11 Ապրիլ 1943-ին, ներկայութեամբ օրուան առաջնորդ Զարեհ Ծ. Վրդ. Փայասլեանի կը կատարուի բացումը։ Հարկ կը զգամ յիշել քանի մը դպրոցներու մասին, որոնք առնուած են Տաճատ Ուրֆալեան Սրբազանի արխիւէն «Ճուխա գիւղի դպրոցը, բացուած 1938-ին, մասնաւոր սրահով եւ նստարաններով, բոլոր աշակերտութիւնը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակ: Տպպանա գիւղի դպրոցը, բացուած 1945-ին, առանձին շէնքով եւ նստարաններով բոլոր աշակերտութիւնը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակ: Հալլիքոյի դպրոցը բացուած 1942-ին առանձին շէնքով, նստարաններով, աշակերտութիւն՝ Հայ Եկեղեցւոյ զաւակ: Միւլլիք Սէրայի դպրոցը, բացուած 1945-ին առանձին շէնքով եւ նստարաններով, աշակերտութիւնը ամբողջութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ զաւակ, Ապու Ճէլալ գիւղի աշակերտներն ալ այս դպրոցը կու գան ուսանելու: Ամրի գիւղի դպրոցը բացուած՝ 1947-ին, առանձին սենեակ նստարաններով։ Աշակերտութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ զաւակ: Թէլ Պրաք, բացուած 1932-ին, մասնաւոր արտօնութեամբ, առանձին շէնք, նստարան եւ աշակերտութիւնը մեծ մասամբ այժմ հայ եկեղեցւոյ զաւակ (յիշեմ որ Թէլ Պրաքը ունէր երկու գիւղ՝ Մեսրոպաշէն եւ Սահակաշէն): Թէլ-Քէօչէքի բացուած 1930-ին, վարժարանը մասնաւոր շէնք չունի, ընդհատ ընդհատ բացուած է դպրոցը», «Հիմո 1945, Թարթապ 1946, Ուըթութիէ 1933, Տէրիք 1931, Այն Տիուար Ազգային Սահակեան Վարժարան 1927, Վանիկ 1937 եւ Գպուր Պիտ 1930» եւ տակաւին շատ մը գիւղերու մէջ դպրոցներ ունէր հայ ժողովուրդը:

Ահա այսպէս հաստատուեցաւ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդութիւնը, եւ փա՛ռք Ամենակալին, որ կը շարունակէ գործել եւ ծառայութիւն մատուցել մինչեւ այսօր։

Ալեկոծումներէ, տագնապներէ եւ ցնցումներէ անցած 90-է աւելի տարիներ թաւալեցան, սակայն մեր ժողովուրդը վերածնունդով զօրացած, վերապրեցաւ, ունենալով Մծբինէն ճառագայթող ու հսկող Ս. Յակոբ Մծբնացի մեծ սուրբին պաշտպանութիւնն ու բարեխօսութիւնը։

Այս ուրախ եւ անկիւնադարձային պահուն, երբ հաւաքուած ենք այս նոր սրահին մէջ մեր ճիտին պարտքը կատարելու, կը դառնանք վկաներն այն շարաւիղներուն, որոնք երազեցին ունենալ մեծ եկեղեցի, ունենալ նոր սրահ եւ փոխանորդարան։ Իսկ մենք՝ որպէս ներկաներ, կը բերենք եւ կը նուիրենք մեր իրագործումներու երախայրիքը անոնց, որոնք այժմ Աստուծոյ Դրախտին մէջ կը բնակին եւ կը բարեխօսեն մեզի համար։

Այսքան հարուստ պատմութենէ ետք, պարտինք մենք մեզ հարց տալ՝ ինչպիսի՛ մարդիկ եւ ինչպիսի՛ Ճեզիրէի հայեր պէտք է ըլլանք։ Արդեօք բաւարարուի՞նք միայն մեր անցեալով ուրախանալով, թէ՞ կոչուած ենք նոր իրագործումներով ու սխրանքներով պատմութիւն կերտելու եւ երթը շարունակելու։

Մենք ենք, որ պիտի որոշենք մեր ապագան՝ անշուշտ Աստուծոյ կամեցողութեամբ եւ Իր սուրբ օրհնութեամբ։ Այսօր արթնութեան եւ զարթնումի ձայնը կը հնչէ, եւ մենք պէտք է ոտքի կանգնինք ու յառաջ ընթանանք։

Այո՛, դուք կը գործէք, բայց հայրերը եւ մեծ եղբայրները միշտ աւելին կը սպասեն ձեզմէ, որովհետեւ լաւ կը ճանչնան ձեր կարողութիւններն ու շնորհքը։

Անկեղծօրէն կը խոստովանիմ, թէ որքան խոր զգացումով եւ պատասխանատու հպարտութեամբ լեցուեցայ, երբ հոս՝ Գամիշլի, ստանձնեցի Շինող եւ Աշխատող Առաջնորդական Փոխանորդութեան աթոռը։

Եւ անձամբ թոյլ չեմ կրնար տալ ձեզի՝ որ ձեր շնորհքը եւ աստուածատուր կարողութիւնները թաղէք, եւ ոչ ալ պիտի արտօնեմ, որ ուրիշը համարձակի ատիկա ընել։

Շնորհակալութիւն բոլորիդ։ Թող Աստուած օրհնէ ձեզ, որպէսզի միշտ, ձեր միջոցով, դրական հպարտութեամբ լեցուինք ու ապրինք։

 

Լեւոն Վրդ. Եղիայեան

Առաջնորդական Փոխանորդ Ճեզիրէի Հայոց