Տուպայի միջազգային օդակայանին մերձակայքը երկու անօդաչու թռչող սարք ինկած է, որու հետեւանքով միջին ծանրութեան վնասուածքներ ստացած են չորս օտարերկրացի՝ Կանայի, Պանկլատեշի եւ Հնդկաստանի քաղաքացիներ։
Օդակայանի ղեկավարութիւնը հաստատած է, որ հակառակ մէջադէպին, օդակայանը կը գործէ բնականոն կերպով, օդային երթեւեկութիւնը չէ խաթարուած եւ կը շարունակուի ըստ չուացուցակի։
Տուպայի միջազգային օդակայանի ուղեւորատունը (թերմինալ) յարձակման ենթարկուած էր նաեւ մարտի սկիզբը․ տուժածներ չեն եղած, իրականացուած էր կազմակերպուած տարհանում։