image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի զինուած nւժերը խնդրած է իսլամ բնակչութենէն եւ տարածաշրջանի երկիրներէն մատնանշել ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի nւժերու տեղակայման վայրերը

Իրանի զինուած nւժերը խնդրած է իսլամ բնակչութենէն եւ տարածաշրջանի երկիրներէն մատնանշել ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի nւժերու տեղակայման վայրերը

Իրանի զինուած ուժերը խնդրած է իսլամ բնակչութենէն եւ տարածաշրջանի երկիրներէն մատնանշել Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի ուժերու տեղակայման վայրերը՝ աւելի մեծաթիւ եւ ճշգրիտ հարուածներ հասցնելու նպատակով, որ խաղաղ կառոյցները թիրախ չդառնան։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի Զինուած ուժերու ընդհանուր սպայակոյտի պաշտօնական ներկայացուցիչ Ապոլֆազլ Շեքարչին։

«Մենք խնդրած ենք իսլամ բնակչութենէն եւ տարածաշրջանի երկիրներէն մեզի մատնանշել ամերիկա-սիոնիստական ուժերու տեղակայման վայրերը, որ իրենք վնաս չկրեն, իսկ մենք կարենանք բարձր ճշգրտութեամբ աւելի շատ հարուածներ հասցնել այն ուժերուն, որոնք տարածաշրջանի բնակչութիւնը կը գործածեն որպէս կենդանի վահան։ Այդ պարագային շրջանի ժողովուրդը պիտի զերծ մնայ Իրանի զինուած ուժերու կործանարար հարուածներէն, իսկ մենք զանոնք պիտի փրկենք Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի չարիքէն»,– անոր խօսքերը մէջբերած է Defapress գործակալութիւնը։

Շեքարչին նաեւ նշած է, որ Իրանի զինուած ուժերը շուտով պիտի վրէժխնդիր ըլլան եւ կործանարար հարուածներ պիտի հասցնեն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի թիրախներուն։