Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեանը մարտ 10-ին Փարիզի մէջ հանդիպած է Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Ալփարսլան Պայրաքթարի հետ։ Այս մասին յայտնած են տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն։
Նախարարները քննարկած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ուժանիւթի ոլորտին մէջ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները:
Ընդգծելով երկու երկիրներու միջեւ ուժանիւթի ոլորտի մէջ ուղիղ փոխգործակցութեան զարգացման պատրաստակամութիւնը՝ զրուցակիցները քննարկած են հետագայ քայլերն ու տեխնիկական մանրամասնութիւնները:
Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարն X-ի իր էջի միջոցաւ յայտնած է, որ հանդիպած է նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: Անոր խօսքով՝ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ենթակառուցուածքային եւ ուժանիւթային հարցեր, որոնք պիտի նպաստեն տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան։
«Այս պարունակին մէջ անդրադարձանք համագործակցութեան ոլորտներուն, հիմնական՝ ելեկտրական ուժանիւթի փոխկապակցուածութեան, աթոմային ուժանիւթին եւ բնական կազին», – գրած է թուրք նախարարը։