Պէյրութի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Պաալպեք քաղաքին մէջ իսրայէլեան օդուժի կողմէ բնակելի համալիրի դէմ իրականացուած օդային հարուածի հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 5-ի, վիրաւորուած է 15 մարդ։ Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի Ազգային լրատուական գործակալութիւնը (NNA)։
Տարբեր գերատեսչութիւններ ներգրաւուած են փլատակներուն տակ մնացած անձերու որոնողափրկարարական աշխատանքներուն։
Պաալպեքի քաղաքապետը յայտնած է, որ բնակելի համալիրին մէջ կ՚ապրէին միայն քաղաքացիական ընտանիքներ։
Աւելի վաղ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդած էր, որ Իսրայէլի հարուածներուն հետեւանքով մարտ 2-ի լուսաբացէն մինչեւ մարտ 3-ի երեկոյ զոհերու թիւը հասած է 50-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 335-ի։
Al Jazeera-ի հաղորդմամբ՝ Իսրայէլի բանակը մարտ 4-ին տարհանման մասին նախազգուշացում տուած է Լիբանանի հարաւը գտնուող 16 գիւղերու բնակիչներու։
Իսրայէլեան ուժերը նաեւ թիրախաւորած են Պաապտա քաղաքի մօտակայքը գտնուող հիւրանոցը՝ ալ-Հազմիէ ճամբան։
Լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժումը յայտարարած է, որ մարտ 4-ի առաւօտեան հրթիռային հարուածով թիրախաւորուած է Իսրայէլի հիւսիսը գտնուող Մեթուլա քաղաքի մօտակայքը գտնուող իսրայէլեան բանակի զօրքերու հաւաքատեղին։