image
Հրատապ լուրեր:

Կուսակցութիւններու անցողիկ շեմն իջած է, դաշինքներունը՝ բարձրացած. ինչ փոփոխութիւններ եղած են ԱԺ ընտրութիւններուն ընդառաջ

Կուսակցութիւններու անցողիկ շեմն իջած է, դաշինքներունը՝ բարձրացած. ինչ փոփոխութիւններ եղած են ԱԺ ընտրութիւններուն ընդառաջ

Ընտրական օրէնսգիրքի մէջ կատարուած են փոփոխութիւններ, որոնք ուժի մէջ մտած են փետրուար 7-ին: Ընտրութիւններու մասով Ազգային ժողովին վերաբերող փոփոխութիւններու համաձայն՝ կուսակցութիւններու անցողիկ շեմն իջած է՝ հասնելով 4 տոկոսի, դաշինքներու շեմը բարձրացած է 7-8 տոկոսի եւ 10 տոկոսի: Այդ մասին ասուլիսի ժամանակ ըսած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Վահագն Յովակիմեանը:

«Մինչեւ 3 կուսակցութիւններից բաղկացած դաշինքներն 8 տոկոս շեմի ներքոյ են, իսկ 3 եւ աւելի կուսակցութիւններից բաղկացած դաշինքները 10 տոկոս անցողիկ շեմ պիտի յաղթահարեն»,-ըսած է ան:

Միւս փոփոխութիւնն այն է, որ կուսակցութիւններու պարագային գրաւի չափը 10 միլիոնէն իջեցուած է 7,5 միլիոնի, դաշինքներու պարագային սահմանուած է 15 միլիոն:

«Սա արուել է այն միտումով, որպէսզի օրէնսդրութիւնը նպաստի քաղաքական ուժերի խոշորացմանը, գաղափարակից քաղաքական ուժերն աւելի հակուած լինեն միաւորուելու, եւ կուսակցութիւնները խոշորանան»,- ըսած է ան։