Փարիզի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ։
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան–Ֆրանսա երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերու լայն շրջանակ։ Մասնաւորապէս, անդրադարձ կատարուած է քաղաքական երկխօսութեան խորացման, տնտեսութեան եւ ենթակառուցուածքներու ոլորտներու մէջ համատեղ ծրագիրներու իրականացման վերաբերող հարցերու։
Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներու շուրջ՝ երկուստեք կարեւորելով տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման միտուած հետեւողական ջանքերու շարունակականութիւնը։
Նիկոլ Փաշինեանն ու Էմանուէլ Մաքրոնն անդրադարձած են նաեւ Հայաստան–Եւրոպական միութիւն համագործակցութեան հետագայ զարգացման հեռանկարներուն։ Երկուստեք ընդգծուած է տարբեր ուղղութիւններով գործընկերութեան խորացման եւ համատեղ նախաձեռնութիւններու արդիւնաւէտ առաջմղման կարեւորութիւնը։