image

Անգարա. Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք մասնակցեցաւ Նախագահ Էրտողանի «Իֆթար»ի սեղանին

Անգարա. Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք մասնակցեցաւ Նախագահ Էրտողանի «Իֆթար»ի սեղանին

Սահակ Բ. Պատրիարք 10 Մարտ 2026-ին Անգարայի մէջ մասնակցեցաւ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ կազմակերպուած իֆթարի սեղանին։ Հանդիպումը կայացաւ նախագահական համալիրին մէջ՝ ներկայութեամբ տարբեր համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներու եւ հրաւիրեալներու։ Պատրիարքը մասնակցեցաւ միջոցառման՝ ուղեկցութեամբ Արժ. Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայայի, իսկ երեկոյթի ընթացքին նախագահը ողջունեց անոր ներկայութիւնը՝ գնահատանք յայտնելով մասնակցութեան համար։

Ստորեւ այդ մասին Պատրիարքարանի տարածած հաղորդագրութիւնը՝ 

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 10 Մարտ 2026, Երեքշաբթի, մասնակցութիւն բերաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմ. Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի, Անգարայի Նախագահական համալիրին մէջ սարքած իֆթարի սեղանին՝ ուղեկցութեամբ Արժ. Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայայի։

Ներկաներու շարքին էին հոգեւոր պետեր եւ համայնքներու ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր։ 

Երեկոյթի ընթացքին Հանրապետութեան Նախագահը իր ուրախութիւնը յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան մասնակցութեան համար։