Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ մարտ 11-ի առաւօտեան մայրաքաղաք Պէյրութի կեդրոնական շրջանին մէջ բնակելի շէնքի վրայ իսրայէլեան օդային հարուածի հետեւանքով 4 մարդ վիրաւորուած է։ Այս մասին կը հաղորդէ Associated Press-ը։
Յարձակումը կատարուած է առանց նախազգուշացման։ Յայտի չէ, թէ որու փորձած է թիրախաւորել իսրայէլեան կողմը։
Իսրայէլեան զինուժի այս հարուածը երկրորդն է կեդրոնական Պէյրութի մէջ վերջին մօտ մէկ շաբթուան ընթացքին։
Իրանի դէմ ամերիկա-իսրայէլեան ուժերու նախաձեռնած պատերազմէն ետք Իսրայէլը սկսած է նաեւ հարուածներ հասցնել Լիբանանին։ Իսրայէլեան կողմը այդ կը հիմնաւորէ Լիբանանի մէջ իրանամէտ «Հըզպալլա» զինուած արմատական խմբաւորման դէմ պայքարելու անհրաժեշտութեամբ։
Լիբանանը յայտնած է, որ մարտի սկիզբէն ի վեր Իսրայէլի յարձակումներուն հետեւանքով երկրին մէջ զոհերու թիւը անցած է 400-ը։