image
Հրատապ լուրեր:

Սպիտակ տունը պիտի աջակցի Իրանի նոր առաջնորդի uպանութեան, եթէ... (Հրապարակում)

Սպիտակ տունը պիտի աջակցի Իրանի նոր առաջնորդի uպանութեան, եթէ... (Հրապարակում)

Իսրայէլ, ԱՄՆ-ի աջակցութեամբ, կրնայ ծրագրել Իրանի նոր գերագոյն առաջնորդ Մոժթապա Խամենէիի սպանութեան գործողութիւնը, որ կը համարուի զիջումներու չգացող քաղաքական գործիչ։ Այս մասին կը հաղորդէ The Wall Street Journal (WSJ) թերթը՝ յղում կատարելով ամերիկացի գործող եւ նախկին պաշտօնեաներու։

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր խորհրդականներուն յայտնած է, որ պիտի աջակցի Մոժթապա Խամենէին վերացնելու գաղափարին, եթէ ան պատրաստ չըլլայ զիջումներու երթալ ԱՄՆ-ին։ Մասնաւորապէս, Թրամփ պիտի փափաքէր, որ Իրանը նոր առաջնորդի օրոք հրաժարի իր միջուկային ծրագրէն։

Ընդ որում, Ուաշինկթընի մէջ Խամենէին կը համարեն խիստ քաղաքական գործիչ եւ յոյս չունին, թէ ան պիտի հրաժարի միջուկային զէնք ունենալու Իրանի ձգտումէն կամ բանակցութիւններ վարէ ԱՄՆ-ի հետ իրենց համար ձեռնտու պայմաններով, կը գրէ թերթը։

Թերթի զրուցակիցները նաեւ նշած են, թէ Խամենէիի հեռացման գործողութիւնը կրնայ իրականացնել Իսրայէլը։ Արդարեւ, Իսրայէլն էր որ իրականացուց այն օդային հարուածը, որուն հետեւանքով սպաննուեցան Մոժթապա Խամենէիի հայրը՝ Իրանի նախկին գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամենէին, եւ անոր կինը։

 

Թրամփ մարտ 8-ին ABC News հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ նաեւ պնդած է, թէ իսլամական հանրապետութեան յաջորդ գերագոյն առաջնորդը, առանց Ուաշինկթընի կողմէ իր թեկնածութեան հաւանութեան, երկար պիտի չդիմանայ։