Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Թոմաս Տինանոն մարտ 10-ին Փարիզի մէջ կայացած հանդիպման յայտարարած են միջուկային ուժանիւթի խաղաղ օգտագործման ոլորտի մէջ համագործակցութեան մասին համաձայնագրի բանակցութիւններու աւարտի մասին։ Այս մասին յայտնած են արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն։
Զրուցակիցները քննարկած են տարբեր ուղղութիւններով ՀՀ-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական գործընկերութեան խորացման հարցեր:
«Արարատ Միրզոյեանը եւ Թոմաս Դինանոն գոհունակութեամբ նշել են Միջուկային էներգիայի խաղաղ նպատակներով օգտագործման ոլորտում ՀՀ եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւններու միջեւ համագործակցութեան մասին համաձայնագրի բանակցութիւնների աւարտի կապակցութեամբ՝ ընդգծելով համապատասխան ձեւաչափով համաձայնագրի ստորագրման եւ ոլորոտում հետագայ փոխգործակցութեան պատրաստակամութիւնը»,-ըսուած է Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Նշուած է, որ անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանային ենթակառուցուածքային ծրագիրներու:
Միտքեր փոխանակուած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ: