image
Հրատապ լուրեր:

Այսօր որոնումներ պիտի վերսկսին Հատրութի, Ֆիզուլիի եւ Ճապրայիլի մէջ

Այսօր որոնումներ պիտի վերսկսին Հատրութի, Ֆիզուլիի եւ Ճապրայիլի մէջ

Արցախի հանրապետութեան Ներքին գործոց նախարարութեան Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ծառայութեան փրկարարական ջոկատները երկօրեայ դադարէ ետք այսօր վերսկսած են պատերազմի ընթացքին զոհուած զինծառայողներու աճիւններու, միաժամանակ անյայտ կորսուածներու փրկարար-որոնողական աշխատանքները:

Փրկարարական 5 ջոկատով որոնումներն այսօր կ'իրականացուին Հատրութի, Վարանտայի (Ֆիզուլի) եւ Ջրական (Ճապրայիլ) շրջաններուն մէջ:

Աշխատանքներուն կը մասնակցին նաեւ զինծառայողներու հարազատները: