Պաքուն եւ Երևանը խաղաղութեան պայմանագրի քննարկումը պիտի վերսկսին դեկտեմբերին։ Այս մասին Պաքուի մէջ կայացող ՄԱԿ–ի Կլիմայի փոփոխութեան համաժողովի (СОР–29) ժամանակ «ԹԱՍՍ»–ին յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը։
«Այս պահուն Ատրպէյճանի օրակարգի հիմնական թեման COP-29-ն է մինչեւ նոյեմբերի վերջ:
Ամենայն հաւանականութեամբ`դեկտեմբերերէն սկսեալ` նոր գործընթաց պիտի սկսի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ՝ խաղաղութեան պայմանագրի բնագրի շուրջ բանակցութիւնները քննարկելու եւ շարունակելու վերաբերեալ»,– ըսած է Հաճիեւը։
Անոր խօսքով` փաստաթուղթին մէջ դեռ չհամաձայնեցուած հարցեր կան, այդ պատճառով ալ կողմերը քննարկումներն ու բանակցութիւնները պիտի շարունակեն փորձագէտներու մակարդակով։
«Քննարկումներն ու բանակցութիւնները պիտի շարունակուին փորձագիտական մակարդակով: Որովհետեւ հայկական կողմը ժամանակին չարձագանգեց մեր առաջարկներուն՝ կապուած խաղաղութեան պայմանագրի բնագրի հետ։ Այս պարունակին մէջ մենք կը զգանք յետաձգուած գործընթաց: Վստահաբար, դեկտեմբերէն նոր գործընթաց պիտի ըլլայ»,- աւելցուցած է Հաճիեւը։
Հաճիեւն անդրադարձած է նաեւ Ալիեւ-Փաշինեան հանդիպման. «Քազանի մէջ BRICS-ի գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը դրական ազդակներ ստեղծեց բանակցութիւններու շարունակման համար»: