Այսօր Վիեննայի մէջ կը սկվին 2015 թուականի Իրանի միջուկային համաձայնագիրը փրկելուն ուղղուած բանակցութիւնները:
ԵՄ գլխաւոր բանակցողը կոչ ըրած է արագցնելու բանակցութիւններուն կշռոյթը, իսկ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի պաշտօնեաները հիասթափութիւն կը յայտնեն բովանդակութեան հետ կապուած:
«Կարեւոր է արագացնել հիմնական չլուծուած հարցերու լուծումը եւ յառաջ շարժիլ՝ սերտօրէն համագործակցելով ԱՄՆ-ի հետ: Բարի գալուստ 8-րդ փուլ», գրել էր ԵՄ դիգանագէտ Էնրիքէ Մորան Թուիթըրի վրայ:
Բանակցութիւնները շատ քիչ յառաջընթաց գրանցած են Նոյեմբերին վերսկսելէն ետք։
Տակաւին գործարքի մէջ գտնուող կողմերու՝ Չինաստանի, Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Ռուսաստանի դիւանագէտները կը մասնակցին Իրանի հետ ուղիղ բանակցություններուն: ԱՄՆ-ն միջնորդաւորուած կը մասնակցի: