Այդ անհնարին բան է, հերթական կուտն է, որ պէտք է բաժնեն մեր ժողովուրդը, թուրքին լաւը ո՞րն է, թուրքը կը մնայ թուրք: Այս մասին այսօր դատարանին դիմաց ըսաւ Սիւնիքի մարզի Շուռնուխ համայնքի բնակիչ Արարատ Աղաբեկեանը` անդրադառնալով վարչապետին կողմէ բազմիցս յայտարարուած խաղաղութեան դարաշրջանին եւ թուրքերու եւ ատրպէյճանցիներու հետ կողք-կողքի խաղաղ ապրելուն:
«Ատրպէյճանը ամէն կերպ նուաստացնում է Հայաստանին, մեր կողմից մի համարժէք պատասխան, հակագրոհ չկար», ըսաւ ան՝ յիշեցնելով, որ շատ վիրաւորական էր, որ բանակին 30-ամեակը չնշուեցաւ
«Բանակի շնորհը չէ՞ր, որ գոնէ Ստեփանակերտը կ'արացաք պահէք, գոնէ Սիւնիք չմտան: Մեզ մօտ պատերազմը չի վերջացել, Ճապրայիլից որ քամին փչում է, արեան հոտը բոլորիս քթերում է», ըսաւ Աղաբեկեանը:
Նշենք, որ Վերաքննիչ քրէական դատարանը կը քննէր Գորիսի համայնքապետ Առուշ Առուշանեանի խափանման միջոցին հարցը, նիստին զուգահեռ դատարանի բակին մէջ հաւաքուած էին անոր աջակիցները: