image

Այսօր Տեղի Կ'ունենայ Լուսանկարիչ Նազիկ Արմենակեանի «Վերապրածները» Ալպոմի Շնորհահանդէսը

Այսօր Տեղի Կ'ունենայ  Լուսանկարիչ Նազիկ Արմենակեանի «Վերապրածները»   Ալպոմի  Շնորհահանդէսը

 Այսօր  Երեւանի մէջ   տեղի կ'ունենայ     Նազիկ Արմենակեանի «Վերապրածները»   ալպոմ-  գրքի   շնորհահանդէսը: Վաւերագրային լուսանկարիչ Նազիկ Արմենակեանի սոյն նախագիծը  նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութիւնէն  փրկուած  հայորդիներու: Ալպոմը  կը ներկայացնէ  40-է  աւելի սեւ- սպիտակ  պատկերներ եւ    35 վկայութիւններ, որոնք առաջին անգամ կը ներկայացուին հանրութեան:  Գրքի  նախաբանը  հեղինակած է  Ֆրանսահայ    մտաւորական Մարկ  Նշանեան: Նշանեան իր նախաբանով   մեկնաբանած է  Հայոց  Ցեղասպանութիւնը վերապրած   հայ անհատներու     փորձառութիւնները   :   Ալպոմը  խմբագրած է արուեստաբան Վիգէն  Գալստեան, որ  նաեւ     ստորագրած է     յօդուած մը, ուր անդրադարձը  ըրած է Արմենականի լուսանկարներուն     փորձելով   կապ գտնել   անցեալի  ու ներկայի  յարաբերակցութիւններուն  մասին: Գիրքը  լոյս տեսած է  Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի     միջոցառումները համակարգող մարմնին   աջակցութեամբ եւ  Տիար Աշոտ Խաչատուրեանցի    հովանաւորութեամբ:    «Վերապրածները» հատորը, իր գեղագիտական բարձր արժէքով անկասկած, որ     Հայոց Ցեղասպանութեան      մասին կարեւոր վկայութիւն մը ըլլալու  բոլոր   արժանիքները կը լրացնէ:  Նշենք, որ    գրքի    շնորհահանդէսը պիտի կայացուի  այսօր  Երեւանի Միրզոյեան գրադարանէն ներս: