Օրերս Փարիզի «Ինալքո» համալսարանի հայագիտական ուսմանց ամպիոնէն մագիստորոս աստիճան ստացած է Գանատահայ հրապարակախօս եւ «ԹորոնթօՀայ» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր՝ Ռուբէն Ճանպազեան։ Կը կիսենք մեր լաւ բարեկամին այս նոր յաջողութիւնը եւ ստորեւ նոյնութեամբ կը ներկայացնենք վերջինիս այդ յաջողութեան մասին կատարած գրառումը՝ «ԼինքըտԻն» ցանցին վրայ։
Ճանպազեան կը գրէ՝
Յիշարժան ճամբորդութիւն մը դէպի Փարիզ՝ երկար սպասուած հանգրուանի մը համար. վերջապէս (լաւ, քիչ մը ուշացումով) հայագիտութեան մագիստրոսի վկայականս ստացայ։ INALCO-ի երկամեայ ծրագիրը եզակի առիթ մը ընծայեց մեր լեզուն, պատմութիւնը եւ մշակոյթը մօտօրէն (եւ արեւմտահայերէնով) ուսումնասիրելու։ Երախտապարտ եմ բոլոր դասախօսներուս, յատկապէս ծրագրի տնօրէն Անահիտ Տօնապետեանին, որոնցմէ շատ բան սորվեցայ։ Յատուկ շնորհակալութիւն կողակիցիս՝ Արազին, որուն քաջալերանքը զիս «դասարան» վերադարձուց համալսարանէն աւարտելէս աւելի քան տասնամեակ մը ետք՝ իրականացնելու համար կեանքիս երազներէն մին։