Մեծ Բրիտանիոյ թագաւոր Չարլզ Երրորդ հինգշաբթի օր կարճ ժամանակով փոխադրուած է հիւանդանոց, յայտնած են Պեքինկհեմեան պալատէն, հաղորդած է interfax։
Հաղորդուած է, որ հիւանդանոց փոխադրուիլը պայմանաւորուած է քաղցկեղի բուժման «ժամանակաւոր կողմնակի ազդեցութիւններով»:
«Նորին մեծութիւնը այժմ վերադարձած է Քլարենս Հաուս», - աւելցուցած է պալատը։
Անոր մասնակցութեամբ հինգշաբթի եւ ուրբաթ նախատեսուած միջոցառումները չեղեալ համարուած են բժիշկներուն խորհուրդով։
76-ամեայ Չարլզ Երրորդը այս տարի կը շարունակէ քաղցկեղի բուժումը եւ ունի հանրային աշխատանքներու զբաղած յայտագիր:
2024 թուականի փետրուարին, Մեծ Բրիտանիոյ թագաւորին մօտ քաղցկեղ ախտորոշուած է, որմէ յետոյ ան սկսած է բուժումը եւ դադրեցուցած պետական պարտականութիւնները, որուն վերադարձած է ապրիլին։