«Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ տեղի ունեցած է արցախեան 44-օրեայ պատերազմի մասնակից մուսալեռցի նահատակներու նուիրուած «Արցախեան 2-րդ պատերազմին զոհուած մուսալեռցիներու ժառանգորդները» գիրքին շնորհահանդէսը:
Երեկոն մեկնարկեց Արմաւիրի թեմի Մամբրէ քհնյ. Հմայակեանի աղօթքով:
Շնորհահանդէսին խօսք արտասանեց գիրքի խմբագիր Սեդա Գալստեանը, իսկ գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցեցան` ասմունքող Աստղիկ Փանոսեանը, երգիչ Վահէ Համբարձումեանը, շուիահար Նայիրի Մանիսաճեանը, տհոլահար Անդրանիկ Գէորգեանը, «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութեան երիտասարդական թեւի խորհրդատու Գաբրիէլ Փանոսեանը, Նանէ Այնթապլեանը:
Շնորհահանդէսին ներկայ էին նահատակ մուսալեռցիներու հարազատները, «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութեան անդամները եւ հրաւիրեալ այլ անձինք: Աւարտին «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութեան նախագահ Պերճ Ղազարեան յուշամետալներ յանձնեց հերոսածին մայրերուն:
Նշենք, որ ձեռնարկը կազմակերպած էր «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութեան երիտասարդական թեւը:
Լուրը՝ «Ազդակ»էն