Այսօր Երեւանի մէջ տեղի կ'ունենայ Նազիկ Արմենակեանի «Վերապրածները» ալպոմ- գրքի շնորհահանդէսը: Վաւերագրային լուսանկարիչ Նազիկ Արմենակեանի սոյն նախագիծը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութիւնէն փրկուած հայորդիներու: Ալպոմը կը ներկայացնէ 40-է աւելի սեւ- սպիտակ պատկերներ եւ 35 վկայութիւններ, որոնք առաջին անգամ կը ներկայացուին հանրութեան: Գրքի նախաբանը հեղինակած է Ֆրանսահայ մտաւորական Մարկ Նշանեան: Նշանեան իր նախաբանով մեկնաբանած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած հայ անհատներու փորձառութիւնները : Ալպոմը խմբագրած է արուեստաբան Վիգէն Գալստեան, որ նաեւ ստորագրած է յօդուած մը, ուր անդրադարձը ըրած է Արմենականի լուսանկարներուն փորձելով կապ գտնել անցեալի ու ներկայի յարաբերակցութիւններուն մասին: Գիրքը լոյս տեսած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումները համակարգող մարմնին աջակցութեամբ եւ Տիար Աշոտ Խաչատուրեանցի հովանաւորութեամբ: «Վերապրածները» հատորը, իր գեղագիտական բարձր արժէքով անկասկած, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կարեւոր վկայութիւն մը ըլլալու բոլոր արժանիքները կը լրացնէ: Նշենք, որ գրքի շնորհահանդէսը պիտի կայացուի այսօր Երեւանի Միրզոյեան գրադարանէն ներս: