Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւնը (CHP) կիրակի՝ մարտ 23-ին, նախագահի թեկնածու առաջադրած է Իսթանպուլի ժամանակաւոր պաշտօնանկ եղած ու կալանաւորուած քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուն։
Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան նախնական ընտրութիւններուն մասնակցած է Թուրքիոյ 15 միլիոն քաղաքացի, որ կը կազմէ երկրի մէջ գրանցուած ընտրողներու գրեթէ մէկ քառորդը։ Անոնցմէ 13,2 միլիոնը աջակցութիւն յայտնած են Իմամօղլուին։
Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան նախագահ Օզկիւր Օզելը կոչ ըրած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանին որոշում կայացնելու երկրի ղեկավարի արտահերթ ընտրութիւն կայացնելու մասին եւ պայքարելու Էքրեմ Իմամօղլուի հետ:
Նոյն օրը ընդդիմութեան տասնեակ հազարաւոր կողմնակիցներ հաւաքուած են Իսթանպուլի քաղաքապետարանի մօտ՝ բողոքելու, ըստ անոնց, քաղաքական դրդապատճառներով Էրտողանի մրցակցի հետապնդման դէմ: «Իմամօղլուն մէկ կողմէ բանտի մէջ է, միւս կողմէ՝ նախագահութեան ճանապարհին»,- AP գործակալութիւնը մէջբերած է Օզելի խօսքը, որ ան ըսած է հանրահաւաքի ժամանակ: Ցուցարարներու առջեւ ելոյթ ունեցած է նաեւ նախագահի թեկնածուի կինը՝ Տիլեքկայա Իմամօղլուն։
Ցուցարարները փորձած են անցարգելներ կառուցել եւ բախած են ոստիկանութեան հետ, հաղորդած է Milliyet-ը: Լրատուականի տուեալներով, բերման ենթարկուած է 66 ցուցարար, վիրաւորուած է 5 ոստիկան։
Էքրեմ Իմամօղլուն կալանաւորուած է մարտ 19-ին, ան կը մեղադրուի յանցաւոր կազմակերպութիւն ղեկավարելու, փտածութեան, միաժամանակ նաեւ ահաբեկչութեան համար։ Թրքական պետական «Անատոլու» գործակալութիւնը յայտնած էր, որ քաղաքական գործիչը կը մեղադրուի երկրի մէջ արգիլուած Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) աջակցելու համար։ Իմամօղլուն հերքած է իրեն առաջադրուած մեղադրանքները։