image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիահայ Օգնութեան Խաչէն կը գուժեն նուիրեալ խաչուհիի մը մահը

Սուրիահայ Օգնութեան Խաչէն կը գուժեն նուիրեալ խաչուհիի մը մահը

Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Մեծ ընտանիքը խոր կսկիծով կը գուժէ իր նուիրեալ ու հաւատաւոր խաչուհիներէն` ընկհ. Հիլտա Չափրազեան Չաղլասեանի մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 13 Մարտ 2025-ի վաղ առաւօտեան։

Ընկհ. Հիլտան ունեցած է վաստակաշատ գործունէութիւն ՍՕ Խաչէն ներս։ Ան եղած է օրինաւոր ու կարգապահ անձնաւորութիւն մը ։ Նկարագրով տոկուն,  բծախնդիր,  գիտելիքներով հարուստ եւ անկոտրում կամքի տէր։

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի 16 Մարտին՝ Հալէպի Ս․ Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։