image

Փութինն ու Էրտողանը բանակցած են հեռախօսով

Փութինն ու Էրտողանը բանակցած են հեռախօսով

Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահներ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանն ու Վլատիմիր Փութինը զրուցած են հեռախօսով։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակը։

Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահները հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած են Ուքրանիոյ հետ կապուած իրավիճակը: Էրտողան յայտնած է, որ Անգարան պատրաստ է հարթակ տրամադրելու բանակցութիւններու համար։ Ան յայտարարած է, որ Թուրքիան ներդրում կատարած է, որ Սեւ ծովը չվերածուի հակամարտութեան գօտիի:

Առաջնորդները քննարկած են նաեւ տարածաշրջանային ու համաշխարհային հարցեր:

Այլ մանրամասնութիւններ առայժմ չեն հաղորդուած: