Իսրայէլեան բանակը ռումբեր նետած է Լիբանանի հարաւը գտնուող Խիամ գիւղաքաղաքի վրայ եւ սպառնացած ռմբակոծել մայրաքաղաք Պէյրութը, եթէ իսրայէլեան բնակավայրերն անվտանգութիւն չունենան։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է Al Jazeera-ն։
Իսրայէլ հրետանային հարուածներ հասցուցած է Լիբանանի հարաւը գտնուող Քֆար Սիր, ինչպէս նաեւ Եահմուր բնակավայրերու շրջակայքին։
Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտարարած է, որ Լիբանանի կողմէ երկու հրթիռ արձակուած է Քիրեաթ Շմոնա բնակավայրի ուղղութեամբ, որոնցմէ մէկը Իսրայէլի Պաշտպանութեան բանակը որսացած է, իսկ երկրորդն ինկած է լիբանանեան տարածքին մէջ։
«Եթէ Քիրեաթ Շմոնայի եւ Կալիլեայի բնակիչներն անվտանգութիւն չունենան, ապա Պէյրութի մէջ խաղաղութիւն պիտի չըլլայ», -ըսած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Կացը:
Կացը աւելցուցած է, որ Լիբանանի կառավարութիւնն ուղղակի պատասխանատւութիւն կը կրէ դէպի Կալիլեա իւրաքանչիւր արկի արձակման համար:
Միեւնոյն ժամանակ, Իսրայէլ կը շարունակէ իր ամէնօրեայ յարձակումները հարաւային Լիբանանի գիւղերու եւ քաղաքներու վրայ՝ խախտելով հրադադարի ռեժիմը:
Աւելի վաղ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ մարտ 27-ին 5 մարդ զոհուած է երկրի հարաւը գտնուող երկու բնակավայրերու վրայ իսրայէլեան օդային հարուածներու հետեւանքով։