Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանը մարտ 27-ին Անգարայի մէջ՝ նախագահի նստավայրին մէջ, մասնակցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի կազմակերպած իֆթարի արարողութեան (Ռամատանի ընթրիք)։
Այս մասին յայտնած են Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի մամուլի ծառայութենէն։
«Հանրապետութեան նախագահն իր ուրախութիւնը յայտնած է ընդունելութեան Հայոց պատրիարքի մասնակցութեան համար»,-յայտնած են պատրիարքարանէն։
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքին ուղեկցած է Տէր-Գասպար աբեղայ Կարապետեանը։
Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանը Պոլսոյ Հայոց պատրիարք ընտրուած է 2019-ին։ Ան Պոլսոյ Հայոց 85-րդ պատրիարքն է։