image

ԱՄՆ-ն Կազայի մէջ հրադադարի շուրջ նոր առաջարկ ներկայացուցած է «Համաս»-ին

ԱՄՆ-ն Կազայի մէջ հրադադարի շուրջ նոր առաջարկ ներկայացուցած է «Համաս»-ին

ԱՄՆ-ն Քաթարի միջնորդներու միջոցով նոր առաջարկ փոխանցած է «Համաս»-ին՝ փորձելով ազատել ամերիկացի պատանդ Էտան Ալեքսանտըրը եւ վերսկսիլ Կազայի մէջ հրադադարի շուրջ բանակցութիւնները: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին հաղորդած է Axios լրատուական հարթակը՝ վկայակոչելով իսրայէլցի եւ ամերիկացի պաշտօնեաները:

Ինչպէս յայտարարած են աղբիւրները, առաջարկով նախատեսուած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը հանդէս գայ յայտարարութեամբ՝ կոչ ընելով հանգստութիւն պահպանելու Կազայի մէջ եւ վերսկսելու բանակցութիւնները մշտական ​​հրադադարի շուրջ՝ Ալեքսանտըրը ազատ արձակելու դիմաց:

Յայտնի չէ՝ արդեօք «Համաս»-ը պիտի ընդունի այս առաջարկը։

«Դեռ համաձայնութիւն չկայ»,-ըսած է ամերիկացի պաշտօնեան։

Իսրայէլցի պաշտօնեան յայտարարած է, որ նոր առաջարկն «պարզապէս գաղափար է, որ լիովին յստակ կամ մշակուած չէ»:

Մինչդեռ արաբ դիւանագէտը, խօսելով The Times of Israel հրատարակութեան հետ, կասկած յայտնած է, թէ «Համաս»-ը կը համաձայնի Ալեքսանտըրը ազատ արձակել միայն Թրամփի յայտարարութեան դիմաց։ Անոր կարծիքով՝ պաղեստինեան շարժումը կը պահանջէ աւելի էական ինչ-որ բան։

Արաբ դիւանագէտի խօսքով՝ Քաթարի եւ Եգիպտոսի միջնորդները Տոհայի մէջ «Համաս»-ի պատուիրակութեան հետ հանդիպած են մարտ 27-ի երեկոյեան՝ քննարկելու ԱՄՆ-ի վերջին առաջարկը:

Թէ Իսրայէլն ինչպէս կ՚արձագանգէ ատոր, նոյնպէս պարզ չէ: