ՀՀ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քուինը Սիւնիքի մարզի մէջ այցելած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան Գորիսի դաշտային գրասենեակ։
Այս մասին յայտնած են դիտորդական առաքելութենէն:
«Մեզի համար պատիւ էր հիւրընկալել դեսպան Քրիսթինա Քուինը Գորիսի մեր գրասենեակին մէջ, ուր անոր ներկայացուած են Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան գործունէութիւնը եւ սահմանի երկայնքով վերջին զարգացումները»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ: