Օրերս Ամերիկաբնակ ճարտարապետ եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանէն շրջանաւար՝ Տիար Նշան Գազազեան, դասախօսութիւն մը տուած է Լիբանանի Ամերիկեան համալսարանէն ներս, «Քաղաքային յիշողութիւն, փոխակերպութիւն եւ պատկերացուած ապագայ» նիւթով:
Եղելութեան մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հայկազեան Համալսարանի դիմատետրի էջէն:
Ստորեւ կը ներկայացնենք հրապարակուած տեղեկատւութիւնը:
20 Մարտ, 2025–ին Հայկազեան համալսարանէն աշխատակիցներ եւ դասախօսներ ներկայ գտնուեցան Պրն. Նշան Գազազեանի ոգեւորիչ դասախօսութեան Լիբանանի Ամերիկեան համալսարանի (LAU), Ճարտարապետութեան եւ գծագրական արուեստի (տիզայնի) հիմնարկին մէջ:
Նշան Գազազեան, բազմակողմանի նկարիչ եւ արտօնագրեալ ճարտարապետ, հաստատուած է Նիւ Եորք եւ Իսթ Հեմփթոն, ան A&A Design Group-ի համահիմնադիրն է , ինչպէս նաեւ Հայկազեան համալսարանի շրջանաւարտ:
Դասախօսութիւնը վերնագրուած էր «Քաղաքային յիշողութիւն, փոխակերպութիւն եւ պատկերացուած ապագայ. Բացուող սահմաններէն անդին արուեստի եւ ճարտարապետութեան մէջ»:
Գազազեան իր խօսքին մէջ էր կեդրոնացած էր, թէ ինչպէս կանխամտածուած որոշումները եւ չնախատեսուած պայմանները կը ձեւաւորեն ստեղծագործութիւնը եւ յարմարելիութիւնը՝ ստեղծելով հնչեղութիւն եւ հարմոնիա։ Դասախօսը թափանցեց (պեղեց) անկանխատեսելիին վրայ նաւարկելու ռազմավարութիւնները՝ օգտագործելով ստեղծագործութիւնը որպէս փոխակերպման գործիք եւ առաւելագոյնս օգտուելու իւրաքանչիւր կացութենէն՝ թէ մեզի եւ թէ այն միջավայրին համար, որ մենք կը ստեղծենք կամ կը կազմենք:
Նիւթը համադրեց՝ «Արեւելք»ը