image

«Այս տօնին կը յիշենք եւ կրկին կ՚ապրինք Բեթղեհեմի մսուրին պատկերը» Հ. Մաշտոց վրդ. Զահթերեան

«Այս տօնին կը յիշենք եւ կրկին կ՚ապրինք Բեթղեհեմի   մսուրին պատկերը» Հ. Մաշտոց  վրդ. Զահթերեան

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ  Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ  համայնքի Հրեշտակապետաց Միացեալ  Հոգեւոր  Ճեմարանի Տեսուչ՝    Հ.  Մաշտոց Վրդ.  Զահթերեան

 

-Վարդապետ ի՞նչ նշանակութիւն ունի  այս տօնը ձեզի համար։

Մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի Մարդեղութեան խորհուրդը Աստուծոյ կատարած խոստումին իրականացումն է, որովհետեւ Ան՝ այնքան սիրեց Մարդուն, որ Իր Միածին Որդին ղրկեց անոր փրկութեան համար: Ուստի, Յիսուսի Քրիստոսի աշխարհ գալով,  հաշտութիւն գոյացաւ եւ մեր հոգիներուն դիմաց երկնքի դռները բացուեցան: Իւրաքանչիւր քրիստոնեայի նաեւ մեզ համար իւրայատուկ է Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ յայտնութեան տօները, որովհետեւ կը նշենք մեր փրկչին աշխարհ գալու տարեդարձը, կը յիշենք եւ կրկին կ'ապրինք Բեթղեհեմի մսուրի պատկերը՝ մեր առջեւ ունենալով սուրբ Ընտանիքը՝ Մարիամը, Յովսէփը եւ մանուկ Յիսուսը: Անիկա մեր սրտերուն ու հոգիներուն խաղաղութիւն կը պարգեւէ, մեզի կ'աւանդէ խոնարհութեան ճշմարիտ իմաստը, ինչպէս նաեւ կը պարունակէ իսկական ճշմարիտ սիրոյ խորհուրդը:

 

-Ինչպիսի՞  մթնոլորտի մը մէջ պիտի դիմաւորէք Սուրբ Ծննդեան  տօնը։

Բնականաբար Սրբոց Հրեշտակապետաց Միացեալ Հոգեւոր Ճեմարանի տեսուչ ըլլալով, ժառանգաւորներուն եւ նորընծաներուն հետ մթնոլորտը առաւել քան դրական է եւ տօնական: Ծիսական արարողութիւններով կը փորձենք առաւելագոյնս ապրիլ այս Մեծ Խորհուրդի իմաստը միանալով Երևանի Հայ Կաթողիկէ մեր հաւատացեալներու հասարակութեան: Ընդհանուր մթնոլորտը այս տարի կը կարծեմ առաւել մտահոգիչ է, նկատի ունենալով Միջին Արեւելքի՝ Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի  անկայուն իրավիճակը: Մենք կը վստահինք Մանուկ Յիսուսին, որ Ան՝ բոլորին պարգեւէ համբերութիւն եւ զօրաւոր կամք հաւատքով դիմագրաւելու չարին որոգայթները:

 

-Երկար   տարիներ, նախ  ձեր  ծննդավայր Քեսապի ու ապա Պէյրութի  մէջ  տօնախմբած էք  այս տօնը եւ   վերջին տարիներուն  ալ  Հայաստանի մէջ հոգեւոր ծառայութեան կոչուելէ ետք     հայրենիքի մէջ    կը  տօնախմբէք      քրիստոնէական տօնացոյցին մէջ առանձնայատուկ տեղ ունեցող  Սուրբ  Ծննդեան  տօնը։   Տարբերութիւններ կա՞ն   վայրերուն մէջ,   եւ ինչով  կը տարբերուին  Հայաստանի կամ    ձեր  ծննդավայրին ու  կամ Պէյրութի մէջ  տեղի  ունեցող  արարողութեանց միջեւ։

 

Հայրենիքի մէջ Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութիւնը առաւելագոյնս ուրախութիւն պիտի պարգեւէ այն ժամանակ երբ կարողանանք ըսել թէ ազգովին, միասնաբար, նոյն թուականին կը տօնակատարենք: Դժբախտաբար դեռ իրավիճակը այնպիսին չէ, սակայն օր մը իրականացնելու ենք այս մեծ երազը: Մենք, որպէս Հայ Կաթողիկէ հաւատացեալներ, արեւմուտքին հետ կը նշենք Քրիստոսի Ս. Ծնունդը: Մեր համար առանձնայատուկ է այն առումով, որ կը միանանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն եւ կը կատարենք բոլոր ծիսական արարողութիւնները: Անշուշտ տարբեր է Լիբանանի կամ Սուրիոյ պարագային, ուր մեծամասնութիւնը նոյն թուականին կը նշէ սուրբ Ծնունդը՝ ոչ աշխատանքային մթնոլորտով: Արարողութիւնները ամենուրեք նոյնն են՝ 24-ի յետմիջօրէին տեղի կ'ունենայ Երեկոյեան Ժամերգութիւն, Մարգարէական ընթերցումներ ապա Ճրագալոյցի սուրբ եւ անմահ Պատարագ: Իսկ դեկտեմբերի 25-ին Ծննդեան սուրբ Պատարագը: Տարբերութիւնները ընդհանրապէս կը գոյանան տարբեր վայրերու եւ շրջաններու սովորութիւններու մէջ, ինչպէս տօնական սեղանի պատրաստութիւն, տօնակատարութեան ձեւեր... եւն:

 

-Մարդկութիւնը   մօ՞տ է  Սուրբ Ծննդեան  խորհուրդներէն։

Քրիստոս աշխարհ եկաւ, մարդացաւ, մեր բնութիւնը ստացաւ, ուստի մեզի առաջին հերթին տուաւ խոնարհութեան եւ սիրոյ իսկական իմաստը: Ինք իսկ հանդիսացաւ ամենամեծ օրինակը: Աղքատ ծնաւ մսուրին մէջ մեր մէջ զօրացնելու համբերութիւնն ու հաստատակամութիւնը: Այս օրերուս մենք առաւել քան երբեք կարիքը ունինք այս շնորհքներուն, որոնց կենդանի օրինակը կը հանդիսանայ Բեթղեհեմի աղքատիկ եւ ցուրտ մսուրը: Որովհետեւ Ան եկաւ բոլորիս հետ կիսելու իր ունեցածը եւ մեզի յայտնեց իր ամբողջական սէրն ու նուիրումը: Ուստի մենք ալ կանչուած ենք մսուրին դիմաց պահ մը կանգնելու, խոկալու եւ մեր սրտերու մէջի մսուրէն ոյժ ստանալու, իրապէս Յիսուսի ներկայութիւնը զգալու, ապրելու ու վայելելու մեր ամենօրեայ կեանքին մէջ: Այս հաւատքով հրեշտակներուն հետ կ'երգենք՝ «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն»:

Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ, Ձեզի մեզի մեծ Աւետիս: