image

Նիւ Եորքի մէջ. Ձեռամբ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի Անթոնիանա Արսլանին «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան

Նիւ Եորքի մէջ. Ձեռամբ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի Անթոնիանա Արսլանին «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան

Կազմակերպութեամբ՝ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին, օրերս տեղի ունեցած է մեծարանքի երեկոյթ մը ի պատիւ իտալահայ ծանօթ գրականագէտ ու թարգմանիչ Անթոնիա Արսլանի, իտալացի եւ հայ հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ։ 

Մեծարման երեկոյին մասին «Արեւելք» կարդաց Թեմի պաշտօնական կայքէն։

 Ստորեւ  տրուած լրատւութըիւնը։

Հոկտեմբեր 30-ին, Նիւ Եորքի Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ, մտերմիկ շրջանակի մէջ, տեղի ունեցած է մեծարանքի երեկոյթ մը ի պատիւ իտալահայ ծանօթ գրականագէտ ու թարգմանիչ Անթոնիա Արսլանի, իտալացի եւ հայ հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ։ Ներկայ եղած են ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն եւ Նիւ Եորքի մէջ Իտալիոյ հիւպատոսութենէն ներկայացուցիչներ։

Բացման խօսքով հանդէս եկած է Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան։ Այնուհետեւ, Մանհաթընվիլ գոլէճի փիլիսոփայութեան ամպիոնի վարիչ՝ փրոֆ. Շըպան Նաշ-Մառշալ, ներկայացուցած է մեծարեալը եւ կարդացած՝ Արցախին նուիրուած անոր մէկ բանաստեղծութիւնը։ Թեմի առաջնորդ՝ Անուշաւան արքեպիսկոպոս յայտարարած է, թէ Մշակոյթի ամսուան առիթով, տիկին Արսլանի գրական, գիտական եւ հանրային գործունէութիւնը գնահատելով՝ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը զինք պարգեւատած է «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով։ Սրբազան հայրը ներկայացուցած է կոնդակի անգլերէն թարգմանութիւնը եւ շքանշանով զարդարած մեծարեալին կուրծքը։ Արամ Ա. Հայրապետի կոնդակին մէջ ի մասնաւորի նշուած է.

«…Երկար տարիներու վրայ ծաւալած ձեր գրական-գիտական վաստակը պերճախօս վկայութիւն մըն է, որ դուք, միշտ հաւատարիմ Ձեր պապենական արմատներուն, Ձեր աստուածատուր շնորհն ու կարողութիւնները ի սպաս դրած էք ու կը շարունակէք դնել, լուսարձակի տակ բերելու հայ ժողովուրդի պատմութեան թաքուն ու վաւերական ծալքերը։ Բազում հեղինակութիւններու ու թարգմանութիւններու կողքին, Ձեր ստորագրութեամբ լոյս տեսած “Արտոյտներու ագարակը” հատորը ինքնին խտացումն է եւ միանգամայն՝ “անլռելի զանգակատուն” մը՝ աշխարհացրիւ բազմահազար հայ ընտանիքներու ապրած ոդիսականին»։

Շքանշանի տուչութենէն եւ տիկին Արսլանի շնորհակալական խօսքէն ետք, տեղի ունեցած է հիւրասիրութիւն։

 

 Լուրը՝  Փարիզի «Նոր Յառաջ»էն