image

Իսրայէլեան օդակայաններէ դէպի Ատրպէյճան շարժ նկատուած է

Իսրայէլեան օդակայաններէ դէպի Ատրպէյճան շարժ նկատուած է

Ատրպէյճանական Silk Way Airlines բեռնափոխադրող օդանաւային ընկերութեան թռիչքները դէպի իսրայէլեան «Օվտա» ռազմական օդակայան նորութիւն չեն, բայց առաւել ուշագրաւ է այս թռիչքներու աշխուժութեան եւ Պաքուի ռեժիմի ռազմական յարձակողական գործողութիւններու համընկնումը: Գրած է Hetq.am-ը:

Այս հանգամանքը 2023-ի մարտին արձանագրած էր իսրայէլեան Haaretz օրաթերթը՝ նկատելով, որ «Օվտան» Իսրայէլի միակ օդակայանն է, որու միջոցով օդային ճանապարհով պայթուցիկներ կը ներմուծուին այդ երկիր կամ այնտեղէն կ՚արտահանուին: Իսկ Ատրպէյճանը իսրայէլեան ռազմամթերքի հիմնական գնորդներէն է, եւ Իսրայէլը յատկապէս 2016-էն ետք կը համարուի Պաքուի ռեժիմի առանցքային ռազմական մատակարարը: 

Նախորդ յօդուածին մէջ «Հետք»ը անդրադարձած էր 2016-2024 թուականներուն Silk Way Airlines-ի բեռնատարներու՝ Իսրայէլէն դէպի Ատրպէյճան թռիչքներուն, որոնց թիւը կանոնաւոր աճած է այն ժամանակ, երբ Ալիեւի ռեժիմը հերթական ռազմական յարձակումը սանձազերծած է Արցախի եւ/կամ Հայաստանի դէմ:

Յատկանշական է, որ չնայած 2024 թուականը հայ-ատրպէյճանական զինուած բախումներու առումով ոչ եռանդուն տարի եղած է, այդուհանդերձ, 2020-էն ետք առաջին անգամ նախորդ տարի ատրպէյճանական բեռնատարներու՝ «Օվտա»էն տարեկան թռիչքներու թիւը հատած է 20-ի շեմը: Եթէ պատերազմական 2020-ին Silk Way Airlines-ի օդանաւերը 26 անգամ «Օվտայ»էն թռած էին Ատրպէյճան, ապա 2024-ին այդ ըրած են 23 անգամ: