Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանին, որ «Զարեհեան» Դպրեվանքի Տեսչական կազմին փափաքին ընդառաջելով, օրերս Պէյրութ գտնուեցաւ, անհրաժեշտ եւ օգտաշատ եռօրեայ դասախօսութիւն-զրոյց մը ընծայելու Դպրեվանքի ընծայարանի սաներուն, ներկայացնելով «Հայ Եկեղեցականին Ինքնութիւնը» նիւթը երեք օրերու ընթացքին։
Դասախօսութեան մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Դպրեվանք Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դիմատետրեան պաշտօնական էջէն:
Ստորեւ հրապարակուած տեղեկութիւնը:
Դպրեվանքի Տեսչական կազմին առաջարկով եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի տնօրինումով, հիւրընկալուեցաւ Դպրեվանքի շրջանաւարտներէն՝ Նիւ Եորքի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Թրթռեանը, որպէսզի իր ծառայական եւ հովուական կեանքի փորձառութենէն մեկնած, Դպրեվանքի ընծայարանի սաներուն ներկայացնէ «Հայ Եկեղեցականին Ինքնութիւնը» նիւթը։
Երեքշաբթի 11 Մարտէն մինչեւ Հինգշաբթի 13 Մարտ` երեք օրերու վրայ ընդերկարող դասախօսութիւն-զրոյցը տեղի ունեցաւ Դպրեվանքի «Նունէ եւ Նինարէ Նազարեան» մատենադարանէն ներս, ամէն օր յետմիջօրէի ժամը 2:30-4:30:
Հանդիպումներուն ընթացքին, Տէր Նարեկ Թրթռեան մանրամասնօրէն խօսեցաւ եկեղեցականի ինքնութեան եւ անոր կոչումին մասին, կարեւորութեամբ հաստատելով թէ՝ «Եկեղեցականը, ուր որ երթայ, ինչ որ ալ ընէ, միշտ պէտք է գիտակցի իր Քրիստոսի եւ Ս. Եկեղեցւոյ հայելին ըլլալը ժողովուրդին առջեւ, որուն ընդմէջէն պէտք է տեսնէ Քրիստոսն ու Ս. Եկեղեցին»: Ինքնութեան նիւթի ներկայացման առընթեր, ան նաեւ խօսեցաւ կատարեալ եկեղեցական դառնալու ձգտումի պայմաններուն մասին, կեդրոնանալով յատկապէս քարոզելու, ուսուցանելու եւ բժշկելու մարզերուն վրայ: Ընծայարանականներ իրենց բազմաթիւ եւ հետաքրքրական հարցումներով, աշխոյժ մասնակցութիւն բերին քահանայ հօր ներկայացումներուն։
Վերջին հանդիպման աւարտին, Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Պարոյր Ծ. Վրդ. Շէրնէզեան իր խորին շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանին, որ Դպրեվանքի Տեսչական կազմին փափաքին ընդառաջելով այս անհրաժեշտ եւ օգտաշատ առիթը ընծայեց դպրեվանեցիներուն, ինչպէս նաեւ Տէր Նարեկին, որ իր հովուական ծառայութենէն դադար առնելով՝ իր թանկագին ժամանակէն, մտքէն ու հոգիէն նուիրեց դպրեվանեցիներուն։
Աւարտին, Տեսուչ Հայր Սուրբը յուշանուէրով մը պատուեց դասախօս Տէր Նարեկ Թրթռեանը։