Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերը շնորհաւորած է Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ համաձայնութեան գալու կապակցութեամբ։ Ան կոչ ըրած է Պաքուին եւ Երեւանին բաց չթողելու պահը եւ որքան հնարաւոր է շուտ ստորագրելու համաձայնագիրը։
«Յոյսով եմ՝ շուտով ականատես կ՚ըլլանք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման, եւ Հարաւային Կովկասի մէջ կը հաստատուի տեւական խաղաղութիւն: Մենք կը հասկնանք, որ փոխադարձ վստահութիւնը վերականգնելու համար ժամանակ եւ ջանքեր կը պահանջուի: Սա շատ երկար գործընթաց է», - այս մասին Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումէն ետք ըսած է Շթայնմայերը:
Ան նաեւ ըսած է, «Ղարաբաղն Ատրպէյճանի տարածքն է», եւ այդ պաշտօնական Պերլինի ուղիղ ու յստակ դիրքորոշումն է։
«Մենք միշտ ըսած ենք, որ այդ ձեր տարածքն է, եւ այսօր մենք կը հաստատենք Գերմանիոյ այս ուղիղ եւ յստակ դիրքորոշումը», -ըսած է Շթայնմայերը: