Ծնած եմ Այնճար, Մուսալեռցի ծնողներէ։ Նկարչութիւնը եղած է բնածին տաղանդ մը, որը հետագային առիթը ունեցած եմ զարգացնելու Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիայի Այնճար մասնաճիւղէն ներս։ 1983 Թուականէն մասնակցած եմ ցուցահանդէսներու, մինչեւ այսօր ունեցած եմ երկու անհատական ցուցահանդէսներ՝ Լիբանան եւ Հայաստան։
Խումբ մը արուեստագէտներու հետ միասին Այնճարի մէջ հիմը դրած ենք Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Ռուբէն Նագեան» գեղանկարչական ակադեմիային եւ երկար տարիներ վարած եմ գլխաւոր ուսուցիչի դերը, եւ ասոր զուգահեռ դասաւանդած եմ Ազգ. «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարանէն ներս։
Կ՝ապրիմ եւ կը ստեղծագործեմ Այնճարի մէջ։
Ինչպէս պատահեցաւ, որ յայտնուեցաք նկարչութեան աշխարհին մէջ։
Չեմ կրնար ըսել պատահականութեան արդիւնք է, որովհետեւ մանկուց ես իմ մտքերս գծագրութեան միջոցաւ է որ արտայայտած եմ, կրնամ ըսել որ քչախօս եմ բայց շատ լաւ կրնամ մտքերս արտայայտել գծագրութեան ճամբով, մանուկ մը երբ տակաւին խօսելու եւ մտքերը ամփոփելու կարողութիւնը չունենար, կրնայ զայն գծագրութեան միջոցաւ արտայայտել եւ իւրաքանչիւր պատկեր որ մէջտեղ կու գայ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ իրեն, սակայն յետագային երբ բառերով արտայայտելու կարողութիւնը կ'ունենայ իրեն համար աւելի գեղեցիկ կը ստացուի եւ եթէ նկարելու տաղանդ չկայ մէջը փափաքը կը նուազի, իմ պարագայիս կրնամ ըսել մանկուց մնացած է գծելով արտայայտուելու առաջնահերթութիւնը։
Ես ամէն օր կ'ապրիմ որ ստեղծագործեմ, մէկ խօսքով կրնամ ըսել նախախնամութեան որոշումով ես դարձայ նկարիչ։
Ինչն էր, որ ձեզի առաւելաբար մղեց, որ արուեստի ճիւղերուն մէջ ընտրէք նկարչութիւնը։ Որովհետեւ նկարչութեան կողքին կրնայիք գրել, երգել, պարել կամ նոյնիսկ տեսաֆիլմ նկարահանել։ Ո՞ւր է գաղտնիքը ի վերջոյ։
Նախորդ հարցումին մէջ արդէն պատասխանեցի որ նախախնամութեան դասաւորումով ես յայտնուած եմ նկարչութեան մէջ, եթէ ծանօթանաք իմ արուեստի գործերուն հոն պիտի տեսնէք, երաժշտութիւնը , պարը , թատրոնը եւ սէրը բոլորը միասին միաձուլուած են , նոյնիսկ բանահիւսութիւն կայ գործերուս մէջ։
Մէկ խօսքով նկարչութեան միջոցաւ կրնաս միաձուլել արուեստի բոլոր բնագաւառները. Արուեստը օդի եւ ջուրի պէս կարեւոր է մարդկութեան համար։
Տեղեակ ենք, որ որոշ շրջանի մը համար եղած էք պատանիներու արուեստի-նկարչութեան ուսուցիչ. Ի՞նչ կուզէք ըսել այդ փուլի ձեր գործունէութեան մասին։
Միշտ պէտք է միջավայրը եւ մթնոլորտը ստեղծել որպէսզի կարելի ըլլայ երեխաներուն քով զարգացնել արուեստի հանդէպ սէրը, ես իմ դասաւանդած տարիներուս միշտ փորձած եմ այդ մթնոլորտը ստեղծել ունեցած եմ մանուկ, պատանի, երիտասարդ ինչպէս նաեւ տարիքէս աւելի մեծ աշակերտներ, շատ հաճելի զգացում է երբ քու ունեցած գիտելիքներդ կը փոխանցես աշակերտներուդ , հոգեկան մեծ գոհունակութիւն կը զգաս երբ մանաւանդ յետագային կը նկատես որ քու տուած գիտելիքներդ անոնք կ՝օգտագործեն իրենց գործերուն մէջ։Առիթը ունեցած եմ Այնճարէն դուրս դասաւանդել օտար տեղացի աշակերտներու եւ զգացած եմ որ մեր հայ աշակերտներուն քով տաղանդի համեմատութիւնը շատ աւելի բարձր է։ Հոգեկան բաւարարուածութիւն մը զգացած եմ երբ իմ աշակերտներէս ոմանք յետագային շարունակելով իրենց բարձրագոյն ուսումը հմտացած են արուեստի տարբեր ճիւղերու մէջ։
Այնճարը, որպէս հայկական օճախ ունի մեծ հնարաւորութիւններ մեր նորահաս սերունդներուն արուեստ ջամբելու, արուեստ մատուցելու եւ արուեստին մօտիկ դարձնելու տեսակէտէն։ Այսօր կա՞յ այդ ոգին, եւ ինչ պէտք է ընել, որ այդ ոգիի կրակը չպակսի։
Մուսալեռցի ժողովուրդը եղած է մշակութասէր , Այնճարն ալ անոր շարունակութիւնն է ուր կը գործէն տարբեր տեսակի միութիւններ, որոնց շարքին Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղը որ իր ուրոյն տեղն ունեցած է մշակոյթի զարգացման մէջ, իր տարբեր ճիղաւորումներով, սակայն այսօր կեանքի արագընթաց փոփոխութիւնները իրենց վատ ազդեցութիւնը կունենան մեր հասարակութեան վրայ, մենք պէտք է մեր երիտասարդութիւնը համախմբենք մշակոյթի շուրջ որպէսի ապագային ունենանք առողջ միջավայր , իմ կարծեքով դպրոցներուն մէջ եղած մշակութային դասապահերը բաւարար չեն առողջ հասարակութիւն ունենալու համար, պէտք է միութիւններ եւս մեծ թափով լծուին աշխատանքի , որովհետեւ վերջը զղջալը օգուտ պիտի չունենայ, ես կը կարծեմ (tecnology)ին մեր ժամանակէն շատ կը խլէ, պէտք է գիտնալ օգտագործել այդ հնարաւորութիւնը որպէսի կրնանք քայլ պահել, այսօր մեր գիւղին մէջ ստեղծուած է արուեստի նոր կեդրոն մը Ainjar Art Galery-ի յանձինս Տէր եւ Տիկին Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեաններու ազնիւ գաղափարին ուր կարելի է Այնճարի արուեստագէտներուն գործերը ցուցադրել, կը մնայ մեր երիտասարդութիւնը համախմբել այս երկուքին շուրջ , յաճախ կազմակերպելով դասընթացքներ, ցուցահանդէսներ, մշակութային ձեռնարկներ , ոգին միշտ ներկայ է, կը մնայ շարժիչ ուժը աշխատցնել։
Բնաւ մտածած է՞ք միայն նկարելով ապրիլ։ Լիբանանի այսօրուան պայմանները, բոլորս գիտենք, որ շատ բարդ են, բայց եւ այնպէս յստակ է, որ կայ համացանցի տիրոյթ մը, որուն ճամբով ալ հնարաւոր է ձեր գործերը «օնլայն» դրութեամբ վաճառել։ Այդ մասին ինչ կը խորհիք։
Վստահ որ բոլոր արուէստագետներն ալ պիտի ուզեն միայն ստեղծագործել, սակայն երբ դուն կազմած ես ընտանիք եւ այդ ընտանիքի տնտեսական հարցը քու ուսերուդ վրայ է , ներկայ պայմաններուն կարելի չէ միայն արուեստով զբաղիլ, ինծի համար արուեստի գործը վաճառելը քիչ մը խորթ երեւոյթ է, որովհետեւ ամէն մէկ պաստառի վրայ ինծմէ մասնիկ մը ձգած եմ, բայց վերջ ի վերջոյ երբ զայն կը վաճառէս հոգեկան գոհունակութիւն մը կը զգաս, որ այն արուէստասէրները որոնք ստեղծագործելու կարելիութիւնը չունին իրենց տան պատերէն կախուած կը վայելէն մէկ այլ արուէստագէտի գործ. Այսօր աշխարհը շատ աւելի պզտիկ կը թուի ըլլալ, համացանցի միջոցաւ, Այո ճիշդ է որ համացանցը լայն հնարաւորութիւն կը բանայ մարդոց հետ շփուելու եւ աւելի մեծ հանդիսատես կրնաս ունենալ բայց վաճառքի իմաստով արուէստագէտի կողքին պիտի ըլլայ արուեստի շուկայով զբաղուող մը (Ի վերջոյ արուէստագէտը վաճառական չ մը է)։
Արուեստի ծիրէն ներս, որոնք են, որ ամենաշատը ազդած են ձեր վրայ եւ օգնած, որ ձեր ինքնութիւնը հաստատուի եւ կազմաւորուի։
Ես արուեստի մնայուն ուսումնասիրող մը եղած եմ, ամէն օր նոր պրպտումներու մէջ եմ, բայց իմ վրաս ամէնէն շատ տպաւորութիւն ձգած է բարձր վերածնունդի (High Renaissance) դարաշրջանի վարպէտներու ստեղծագործութիւնները, միեւնոյն ժամանակ շատ լաւ ուսումանասիրած եմ հայկական հին եւ ժամանակակից արուէստագէտներու գործերը ,այս բոլորը իմ մէջ խմոր մը կազմած են որոնց վրայ աւելցած են մանկութեան յուշերս եւ ներկայի ապրումներս որոնք դուրս կու գան պաստառներուս վրայ։
Ի՞նչ տուած է Այնճարը ձեզի եւ երբեւէ մտածած է՞ք ձեր ծննդավայրէն ընդմիշտ հեռանալու մասին։
Այնճարը իմ ամբողջ էութիւնս է, իր հողով , ջուրով եւ մաքուր միջավայրով, Այնճարը իմ նկարագրի կազմութեանս մէջ մեծ դեր ունի։ Ըլլալով արուէստագէտ միշտ նախընտրած եմ ապրիլ հանդարտ միջավայրի մէջ, քաղաքի խճողուած կեանքը զիս շատ կը յոգնեցնէ։ Թէեւ կ'ապրինք Լիբանանի ամէնէն դժուար ժամանակներու մէջ, բայց ես կայացած եմ այս գիւղին մէջ, դժուար է ինծի համար նոր միջավայրի մէջ յարմարուիլ. Ժամանակը ինքը կը որոշէ ամէն բան։
Մէկ բան միայն յստակ կրնամ ըսել որ աշխարհի որ անկիւնն ալ որ ապրիմ վրձինս անբաժան պիտի ըլլայ ինծմէ։
Հարցազրոյցը «Արեւելք»ի համար կատարեց՝ Նաթալի Տէր Ստեփանեան-Քէնտիրճեանի