Քսանվեց իտալացի խորհրդարանականներ կոչ ստորագրած են Տրակիի կառավարութեան, որպէսզի այն ճնշում գործադրէ Ատրպէյճանի վրայ՝ ռազմագերիները եւ երկրին մէջ պահուող հայ քաղաքացիական անձերը ազատ արձակելու համար։
«Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ անօրինական կերպով կը պահուին մեծաքանակ հայ ռազմագերիներ եւ Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ վտանգուած է հայկական քրիսոտոնէական պատմամշակութային ժառանգութիւնը», նշուած է պատգամաւորներու փաստաթուղթին մէջ, աւելցնելով որ Ատրպէյճանը Թուրքիոյ բացայայտ օժանդակութեամբ կը սպառնայ ուժի կիրառմամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած ինքնիշխան տարածքով երկու երկիրները միաւորող արտատարածքային «միջանցքի» մը ստեղծմամբ:
Իտալացի 26 խորհրդարանականները կ'ակնկալեն, որ կառավարութիւնը Արեւելեան Գործընկերութեան շրջանակներուն մէջ Եւրոպական Միութիւն-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մէջ որպէս նախապայման առաջադրէ նշուած երկրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին հետեւանքով եւ անոր յաջորդած ժամանակաշրջանին վերցուած ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու ազատ արձակումը, սադրիչ եւ ռազմատենչ հռետորաբանութենէ հրաժարումը՝ ի նպաստ կառուցողական հենքի վրայ խաղաղ բանակցութիւններու մէջ անկեղծ ներգրաւուածութեան՝ լուծելու համար առկախուած խնդիրները՝ ի շահ Կովկասի ամբողջ տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան եւ բարգաւաճման: