image

Ատրպէյճանը, Թուրքիան եւ Ծոցի երկրները կ՚օգնեն ԱՄՆ-ին պատժելու Իրանը. Վենս

Ատրպէյճանը, Թուրքիան եւ Ծոցի երկրները կ՚օգնեն ԱՄՆ-ին պատժելու Իրանը. Վենս

Ատրպէյճանը, Թուրքիան եւ Պարսից ծոցի շարք մը երկիրներ կ՚օգնեն Ուաշինկթընին՝ պատժելու Իրանը, առեւտրային նաւերու գնդակոծման կապակցութեամբ։ Այս մասին ըսած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը։

Ըստ Վենսի՝ խօսքը կը վերաբերի ոչ միայն Ատրպէյճանին, այլեւ Թուրքիոյ, ԱՄԷ-ին, Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարին, ինչպէս նաեւ Պարսից ծոցի այլ երկիրներու։

«Մենք կը տեսնենք, որ շատ երկիրներ, թէեւ երբեմն պատրաստ չեն այդ մասին հրապարակաւ խօսելու, ոչ պաշտօնապէս շատ բան կ՚ընեն, որպէսզի մեզի օգնեն հասնելու այն բանին, որ Իրանը պատիժ կրէ առեւտրային նաւագնացութեան գնդակոծման համար»,– ըսած է Վենսը։

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը չէ յստակեցուցած, թէ յատկապէս ի՛նչ օգնութիւն կը ցուցաբերեն նշուած երկիրները, եւ մանրամասնութիւններ չէ ներկայացուցած Իրանի գործողութիւններուն մասին։