ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով յանձնաժողովի աւագ անդամ Պրետ Շըրմընը Քոնկրէսին մէջ ելոյթի ժամանակ դատապարտած է հայերու դէմ Ատրպէյճանի իրականացուցած կոտորածները Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Պաքուի մէջ՝ ոգեկոչելով զոհերու յիշատակը: Շըրմընի յայտարարութիւնը ներկայացուցած է Asbarez գործակալութիւնը:
«Կանգնած եմ ամերիկահայ համայնքի կողքին՝ ոգեկոչելով Սումկայիթի (1988-ի փետրուար 27-29), Կիրովապատի (1988-ի նոյեմբերի 21-27) եւ Պաքուի մէջ (1990-ի յունուար 13-19) հայ ժողովուրդի դէմ իրականացուած ջարդերու զոհերու յիշատակը:
33 տարի առաջ Ատրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ հայ բնակիչները թիրախաւորուած են իրենց էթնիք (ցեղային) պատկանելիութեան պատճառով:
The New York Times-ը արձանագրած է, որ հայերը «հետապնդման» կ'ենթարկուին:
Սումկայիթեան ջարդերը սկիզբն էին հայ փոքրամասնութեան դէմ բռնութեան սրացման, որմէ ետք հակահայկական բռնութեան ալիքը տարածուեցաւ Կիրովապատի եւ Պաքուի մէջ, որ յանգեցուց Ատրպէյճանէն 390 000 հայերու հարկադիր տեղահանման եւ 1991-94 թուականներու պատերազմին Արցախի մէջ:
Ցաւալիօրէն, հայերու դէմ ատրպէյճանցիներու յարձակումները միայն կը շարունակուին: Հայաստանի եւ Արցախի դէմ յարձակման վերջին դրսեւորման ժամանակ Ատրպէյճանը յարձակումներ իրականացուցած է քաղաքացիներու դէմ: Human Rights Watch իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնն արձանագրած է քաղաքացիական կառոյցներու դէմ ողկուզային ռումբերու եւ հրետանային հրթիռներու կիրառումը:
Այսօր, հայերը դեռ գերութեան մէջ կը գտնուին Ատրպէյճանի մէջ՝ Հայաստան վերադառնալու ոչ մէկ յստակ ժամանակացոյց ունենալով: Հայ ռազմագերիները ֆիզիքական բռնութեան եւ այլ անմարդկային վերաբերմունքի կ'ենթարկուին Ատրպէյճանի մէջ: Ատրպէյճանի կառավարութիւնը պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուի միջազգային հանրութեան կողմէ, եւ ես պիտի շարունակեմ աշխատիլ Քոնկրէսի մէջ՝ լոյս սփռելու նմանօրինակ անցեալ եւ ներկայ վայրագութիւններու վրայ»,- ըսուած է Շըրմընի յայտարարութեան մէջ: